Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեամբ վարչական բարեկարգումի եւ կենսոլորտի նախարար Տըմիանոս Քաթթարի, ինչպէս նաեւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յանձնախումբին կատարած աշխատանքն ու այն եզրակացութիւնը, որուն յանգած է յանձնախումբը` ելեւմտական ծրագիրի մօտեցումներուն եւ թիւերուն առումով:
Վարչապետ Տիապի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: