Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժսըր. «Պէտք Է Յանցագործները Հետապնդել Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը Պաշտպանել»

June 23, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութեանց յատուկ երեսփոխանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը նախագահութեամբ երեսփոխան Սամիր Ժսըրի:

Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի եւ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ:

Նիստին ընթացքին յանձնախումբը լսեց նախարարներուն տեղեկագիրները` Պէյրութի եւ Թրիփոլիի խափանարարական արարքներուն մասին:

Նիստէն ետք Ժսըր յայտնեց. «Լիբանան` Պէյրութի եւ Թրիփոլիի դէպքերուն ընդմէջէն երկու դժուար օրեր դիմագրաւեց: Առաջինը` 6 յունիս 2020-ին, որ սադրանքի օր էր, իսկ երկրորդը` 11 յունիս 2020-ին, որ վայրագութեան եւ խուլիկանութեան օր էր»:

Ժսըր կոչ ուղղեց` յանձնառու մնալու ցոյց կատարելու ազատութեան, պաշտպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական կառոյցներն ու ժողովուրդին ունեցուածքը:

Ժսըր ընդգծեց նաեւ երկրին ապահովութիւնը խախտող յանցագործները հետապնդելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ 6 եւ 11 յունիսի դէպքերուն առնչակից ըլլալու պատճառով ձերբակալուած են 11 յանցագործներ` իբրեւ արդիւնք այն հետապնդումներուն, որոնք կատարուած են ընդհանուր դատախազութեան կողմէ:

Մարի Քլոտ Նաժըմ հաստատեց, որ, իբրեւ արդարութեան նախարար, ինք յանձնառու կը մնայ պաշտպանելու ցուցարարները, որոնք խաղաղարար կերպով իրենց կարծիքը կը յայտնեն` ըլլան անոնք տնտեսական պահանջներ, սղաճի դէմ բողոքներ, կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ կեցուածքներ, թիւ 1559 բանաձեւին վերաբերող մօտեցումներ, հասնելով մինչեւ կանխահաս ընտրութիւններ կայացնելու պահանջներ:

«Արդարութեան նախարարութեան եւ առաջին հերթին ընդհանուր դատախազութեան դերակատարութիւնն է պաշտպանել ապահովական կայունութիւնը, ազատութիւններն ու իրաւունքները:

«Սակայն ազատութիւնը չ՛արդարացներ պետական եւ սեփական կառոյցներուն դէմ գործուած յարձակումներն ու խափանարարական արարքները, կամ` քարկոծել ապահովութեան ուժերը, որոնք նոյն տագնապը կը դիմագրաւեն», շեշտեց ան:

Մարի Քլոտ Նաժըմ հաստատեց, որ պիտի պատժուին անոնք, որոնց վերաբերեալ կան փաստեր, թէ խափանարարական արարքներ գործած են, եւ ոչ թէ անոնք, որոնք խաղաղարար կերպով իրենց բողոքը արտայայտած են:

 

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդգծեց Լիբանանահայութեան Կարեւորութիւնը Թէ՛ Լիբանանի Եւ Թէ՛ Հայկական Սփիւռքին Համար

Յաջորդը

Պուխարի Սալամէի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.