Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան տարբեր տեսակի տագնապներ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ տագնապ մը չաւարտած ուրիշ մը կը ծագի:
Ան ընդգծեց, որ վերջին տագնապը կառավարութիւնը տապալելու փորձն է, որ կը կատարուի տնտեսական դաւադրութեան մը միջոցով:
«Մենք նախատեսած էինք, որ տնտեսական նման դաւադրութիւն մը պիտի ըլլայ, եւ զայն կոչած էինք տնտեսական 13 հոկտեմբեր», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց, որ 13 հոկտեմբեր 1990-ին մղուած ճակատամարտը գոյութենական էր, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն կը վերաբերէր ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի կերտման, «իսկ այսօր պայքարը դարձեալ գոյութենական է, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն կը վերաբերի լիբանանեան պետութեան ճակատագիրին: 1990-ին մեզի հարուածող կողմերը, այս փուլին դարձեալ նոյն սխալին մէջ կ՛իյնան` մտածելով, որ իշխանութիւնը տապալելով մեզմէ կը փրկուին: Անոնք տակաւին չեն ըմբռնած, որ մեր ծրագիրին տապալումով պետութիւնը կը քանդուի, իսկ պետութեան քանդումով` մեր գոյութիւնը կը քանդուի, բացի եթէ անոնց ծրագիրն է, որ միլիսը առնէ լիբանանեան պետութեան եւ բանակին տեղը, եւ Մեծն Լիբանանի փոխարէն ըլլայ փոքր պետութիւն մը: Իսկ ասիկա իսկական փորձանք է», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով տնտեսական իրավիճակին` Պասիլ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պատասխանատու է ելեւմտական կայունութիւնը երաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը ճշդելու եւ կայունացնելու:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է կազմ ու պատրաստ մնայ` յաղթահարելու համար զինք տապալելու փորձերը, ինչպէս նաեւ պէտք է գոյատեւէ եւ դիմակայէ իր աշխատանքներով` իրեն հանդէպ լիբանանցիներուն եւ օժանդակող կողմերուն վստահութիւնը պահպանելու համար:
Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը յաջողի կատարել այն հիմնական բարեկարգումները, որոնք պէտք է կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք կառավարութեան տուած իրենց վստահութեան քուէն յետս պիտի չկոչեն, այնքան ատեն որ կառավարութիւնը կը գործէ եւ նոր կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել:
«Կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ նաեւ ապահովական կայունութիւնը: Սիւննի-շիի սադրանքներու նախապատրաստումը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ գրգռութիւններու հրահրումը խիստ մերժելի են: Հոս կը կայանայ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք երկխօսութեան հանդիպումի հրաւէրին կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա սադրանքները կանխարգիլելու հանդիպում մը պիտի ըլլայ», ընդգծեց Պասիլ:
Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է երկրին ելեւմտական կայունութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարեկարգումները գործադրել:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մասին խօսելով` Պասիլ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը ենթարկուած է քաղաքական հաւաքական սպանութեան` շեշտելով, որ Լիբանանի համար այսօրուան առաջնահերթութիւնը փտածութեան դէմ պայքարն ու երկիրը իր փլուզուած իրավիճակէն դուրս բերելն է:
Պասիլ նշեց շարք մը յարձակումներ, որոնց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛ենթարկուի` հաստատելով, որ ինք տակաւին կը փորձէ կուսակցութեան անդամներն ու երիտասարդները զսպել` Ազգային ազատ հոսանքին դէմ ուղղուած բոլոր անարգանքներուն պատասխանելէ, «սակայն այսուհետեւ պիտի չարտօնենք, որ մեր վրայ նիւթական եւ բարոյական յարձակումներ կատարուին», ըսաւ ան:
Ժողովրդային շարժումին մասին խօսելով` Պասիլ ընդգծեց, որ այդ շարժումը խուլիկաններուն չի պատկանիր, այլ պահանջատէր քաղաքացիներուն, հետեւաբար պէտք է խուլիկանները այդ ցոյցերուն շարքերէն դուրս թափին, իսկ փտածութեան դէմ պայքարն ու պետականաշինութեան երթը շարունակուին:
Պասիլ նշեց, որ ինք չի փափաքիր հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ, այլ` փտածութեան դէմ պայքարիլ: «Կառավարութիւնն ու իշխանութիւնը տագնապի մէջ են, փողոցը տագնապի մէջ է, կառավարութեան զօրակցողները տագնապի մէջ են: Բոլորը կրնան իրարու օգտակար հանդիսանալ եւ երկիրը փրկել` առանց օտարին վստահելու, որովհետեւ այդ պարագային Լիբանանը կը տկարանայ», շեշտեց ան:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ ընդգծեց նաեւ, որ Դիմադրութեան զէնքը ժողովրդային շարժումի օրակարգին վրայ զետեղելը կը տկարացնէ Լիբանանը, յատկապէս` պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցման թղթածրարին առումով:
Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցութեան եւ կատարուած բանակցութիւններուն մասին խօսելով Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է միացեալ թիւերով ներկայանայ եւ ոչ թէ տարբեր թիւերով` աւելցնելով, որ թիւերուն շուրջ ներքին լիբանանեան տարակարծութիւնները բանակցութիւններուն ընթացքին կը տկարացնեն Լիբանանը:
Պասիլ հարց տուաւ նաեւ, թէ՞ որո՞ւն շահերուն համար պէտք է հրաժարիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին կարելիութենէն: «Պէտք է զգուշանալ Վենեզուելայի եւ դէպի Արեւելք ուղղուելու օրինակներէն: Մենք չենք փափաքիր կռնակ դարձնել Արեւմուտքին: Կ՛ուզենք, որ Լիբանան մնայ հաւասարակշռուած` մնալով իր արեւելեան միջավայրին մէջ, գործակցելով իր շրջակայքին հետ եւ դէմքը ուղղած` Արեւմուտքին», շեշտեց ան:
Պասիլ իր մամլոյ ասուլիսը եզրափակեց հաստատելով, որ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին որոշ բացառութիւններ պէտք է շնորհեն` նկատի ունենալով Սուրիոյ դէմ գործադրուելիք «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքը: «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութիւնը անպայման պիտի իրականանայ, նոյնիսկ եթէ անիկա յաջորդէ պատերազմի մը: Այդ համաձայնութիւնը շատ բան պիտի փոխէ մեզի համար եւ պիտի հանգստացնէ մեզի: Մինչ այդ, կացութիւնը պիտի շարունակէ մնալ ճնշող, եւ մենք այդ ընթացքին պէտք է տոկանք` բարեկարգումները գործադրելով եւ մեր տնտեսութիւնը արդիւնաբեր տնտեսութեան վերածելով», եզրափակեց Ժըպրան Պասիլ:



