Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Վարչապետները Մերժեցին Ընդառաջել Նախագահ Աունի Յղած Երկխօսութեան Հանդիպումի Հրաւէրին

June 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաապտայի մէջ երկխօսութեան հանդիպում մը գումարելու նպատակով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած հրաւէրներուն պատասխանները հերթաբար կը յստականան:

Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բնակարանին մէջ գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք Սինիորա յայտնեց, թէ Պաապտայի մէջ երկխօսութեան հանդիպումի մը հրաւիրելը իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ տեղին չէ:

Ան հաստատեց, որ Պաապտայի հանդիպումին չմասնակցելու իրենց կեցուածքը մերժում է` իշխանութեան կողմէ երկիրը փրկելու համար լուծումներ չստեղծելու անկարողութեան:

Խորհրդակցական հանդիպումը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեց իր նիստը, որմէ ետք երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի յայտնեց, որ իրենց ներկայացուցած հանդիպումը սիւննի միակ կողմն էր, որ Հասսան Տիապի անունը առաջադրեց իբրեւ վարչապետի թեկնածու եւ կառավարութեան շնորհեց իր վստահութեան քուէն:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով,  Խորհրդակցական հանդիպումը նկատել կու տայ, որ կարեւոր է Պաապտայի հանդիպումին յայտարարութեան նպատակներուն յանձնառու մնալու, նշեց ան:

Թրապուլսի դիտել տուաւ, որ Պաապտայի մէջ երկխօսութեան հանդիպումին մասնակցութեան գծով իրենց կեցուածքը յառաջիկայ ժամերուն կամ օրերուն պիտի ճշդեն` բաց պահելով իրենց հանդիպումները:

Նախագահ Աուն. «Իբրեւ Հանրապետութեան Նախագահ`
Իմ Պատասխանատուութիւններս Լիովին Կը Ստանձնեմ`
Ներկայ Տագնապին Լուծում Գտնելու Նպատակով»

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տնտեսական մարզի յատուկ լրագրողներու միութեան վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Սապին Օուէյսի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկխօսութեան հանդիպումին ընթացքին քննարկուելիք հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ քաղաքացիական անվտանգութեան ամրապնդումը` լիբանանեան իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի` իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելով:

«Իւրաքանչիւրը պէտք է իր պատասխանատուութիւնը կրէ` երկիրը արիւնահեղութեան ճամբով տանիլը կանխարգիլելու համար, յատկապէս Պէյրութի եւ Թրիփոլիի փողոցներուն մէջ խափանարարական արարքներն ու խուլիկանութիւնները վկայելէ ետք», յայտնեց ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկխօսութեան հանդիպումին նպատակը ազգային միասնականութեան կառավարութեան վերադառնալ չէ` հաստատելով, որ համախոհական համակարգը կարիքը ունի ժողովրդավարութեան` նկատի ունենալով մեծամասնութեան ու փոքրամասնութեան չգոյութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ճարտարարուեստով եւ երկրագործութեամբ կը զօրակցինք լիբանանեան դրամանիշին եւ ոչ թէ օտարէն նիւթական վարկ վերցնելով` բան մը որուն վարժ ենք` եկամուտներու վրայ հիմնուած մեր տնտեսութեան կողքին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, իր պատասխանատուութիւնները լիովին կը ստանձնէ` ներկայ տագնապին լուծում գտնելու նպատակով: «Կ՛աշխատինք կերտել նոր Լիբանան մը, սակայն ասիկա երկար պիտի տեւէ», ընդգծեց ան:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ դրամատուներու աշխատանքներուն հսկողութեան խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ ան քննարկեց տարուած աշխատանքը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ելեւմտական եւ տնտեսական դժուար կացութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Թատամոն կուսակցութեան նախագահ Էմիլ Ռահմէ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Համատ Հասան. «Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Աշնան Դիմակայել «Քորոնա»-ի Համաճարակին Բ. Ալիքը»

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը Ընդունեց` 89 Թեր Քուէով

RelatedPosts

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ
Լիբանանեան

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.