Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1510-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 15 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 10-ն տեղացիներ են, իսկ 5-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 952 ուրիշներ` ապաքինած:
Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հիւանդանոցին բոլոր պաշտօնեաներն ու բժշկական աշխատակազմերը իրենց աշխատավարձերը ստացած են, իսկ հիւանդանոցին նիւթական բացը 95 առ հարիւրով նուազած է:
Ապիատ յայտնեց, որ հիւանդանոցին անձնակազմը իր պարտականութիւնները լիովին կատարած է` աւելցնելով, որ տնօրէնութիւնը անոնց պահանջները կը նկատէ արդարացի:
Ան նշեց, որ հիւանդանոցը ստացած է 6 միլիառ երեք հարիւր միլիոն լ. ոսկիի օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ` բժշկական սարքեր եւ պիտոյքներ:
Ապիատ յայտնեց, որ հիւանդանոցը ամէնօրեայ դրութեամբ 1000 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կը կատարէ` աւելցնելով, որ հիւանդանոցը լաւագոյն ծառայութիւնը կը մատուցէ հիւանդներուն, յատկապէս «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն:
Շարաֆ Ապու Շարաֆ. «Քորոնա»-ի Համաճարակի Օրերուն
Հանրային Վայրերու Մէջ Կլկլակը Պէտք Է Արգիլուի»
Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆի հետ: Քննարկուեցան առողջապահութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ Շարաֆ Ապու Շարաֆ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակի օրերուն հանրային վայրերուն մէջ ծխելը ընդհանրապէս եւ կլկլակը յատկապէս պէտք է արգիլուին:
Շարաֆ Ապու Շարաֆ ընդգծեց, որ ծխողները երեք անգամ աւելի հակամէտ են «Քորոնա» ժահրով վարակուելու, քան անոնք, որոնք չեն ծխեր` աւելցնելով, որ համաշխարհային վիճակագրութեան մը համաձայն փաստուած է, որ Լիբանանի մէջ կլկլակ ծխող երիտասարդներուն թիւը բաւական մեծ է, ինչպէս նաեւ աղէտալի` տակաւին 18 տարիքը չամբողջացնող պատանիներուն թիւը:
Շարաֆ Ապու Շարաֆ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ մղուած պայքարի յաջողութիւնը չքանդելու եւ այդ պայքարին մէջ երկիրը զերօ կէտին չվերադարձնելու:
Ապու Շարաֆ ընդգծեց, որ Լիբանանի առողջապահական համակարգը կը դիմագրաւէ իր ամէնէն վտանգաւոր փուլը, իսկ հիւանդանոցները բժշկական պիտոյքի եւ սարքերու տագնապի մէջ են:
Համատ Հասան. «Սիզըր» Ամերիկեան Պատժամիջոցներու
Օրէնքը Առողջապահական Կացութեան Պիտի Չազդէ»
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Շեպաայի կառավարական հիւանդանոց, ուրկէ ան ուղղուեցաւ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի բնակարանը:
Հասան շեշտեց, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքը երկրին առողջապահական կացութեան պիտի չազդէ` աւելցնելով, որ առողջապահական կացութիւնը բոլորին մօտ կարմիր գիծ է:
Հասան նշեց, որ նախարարութիւնը պիտի աշխատի բարելաւել Շեպաայի կառավարական հիւանդանոցը` հաստատելով, որ ան կրնայ գործել` որոշ նորոգութիւններով, ինչպէս նաեւ բժշկական եւ վարչական անձնակազմի նշանակումով:
Հաշեմ բարձր գնահատեց Համատ Հասանի ջանքերը:
Հասան այցելեց նաեւ Մայսէլ Ժապալի կառավարական հիւանդանոցը, ուր յայտարարեց, որ նախարարութիւնը 1450 միլիոն տոլարի գումար մը կրցած է ապահովել` կառավարական հիւանդանոցները պատրաստելու նպատակով:
Ան գնահատեց հիւանդանոցին ճիգերը` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով:
Հասան այցելեց նաեւ Թըպնինի կառավարական հիւանդանոցը, ուր դրուատեց հիւանդանոցին եւ անոր բժշկական անձնակազմին ջանքերը` շեշտելով, որ ինք հպարտ կը զգայ երկրին կառավարական հիւանդանոցներուն գործունէութեամբ, առանց անշուշտ անտեսելու սեփական հիւանդանոցներուն ջանքերն ու աշխատանքը:
Հասան նշեց, որ թափանցիկութեան եւ պարկեշտութեան հիման վրայ գործունէութիւնը պէտք է մղիչ ուժը ըլլայ հիւանդանոցներուն միջեւ գործակցութեան: