Լիբանանեան

Առողջապահութեան Եւ Պաշտպանութեան  Նախարարները Այցելեցին  Պատարոյի Զինուորական Հիւանդանոց

Առողջապահութեան Եւ Պաշտպանութեան Նախարարները Այցելեցին Պատարոյի Զինուորական Հիւանդանոց

«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու եւ որդեգրուած նախազգուշութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր ընդունեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա» ժահրին վերաբերող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այդ ժահրին դէմ պայքարելու առողջապահութեան նախարարութեան աշխատանքին մանրամասնութիւնները: Այս իմաստով Աքր դրուատեց Հասանի ճիգերն ու հետեւողական ջանքերը: Ապա նախարարներ Աքր եւ Հասան այցելեցին Պատարոյի զինուորական հիւանդանոց, շրջեցան, տարբեր բաժանմունքներուն մէջ`...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ներկայ  Գտնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստին

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ներկայ Գտնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր ներկայ գտնուեցաւ Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին, որուն նախագահեց յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, որ միաժամանակ մաս կը կազմէ սոյն յանձնախումբին: Նիստէն ետք Ապի Ռամիա յայտնեց, որ քննարկուած է մարզասրահներու արտօնագիրներ ճշդելու կարելիութեան վերաբերող օրինագիծ մը, որով պիտի...

Ուահապ Լիբանանեան Եւ Շրջանային  Իրադարձութիւնները Քննարկեց Քիւպիչի Հետ

Ուահապ Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները Քննարկեց Քիւպիչի Հետ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիական զարգացումները` «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցի օրէնքի գործադրութեան լոյսին տակ: Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ «Սիզըր»-ի ունենալիք հետեւանքները: Ուահապ Քիւպիչի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցի օրէնքին հետեւանքներէն վերջին տուժողը պիտի ըլլայ Հըզպալլան: Ան...

Պապական Նուիրակը Վատիկանի  Աջակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Պապական Նուիրակը Վատիկանի Աջակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Վարչապետ Հասան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ, գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները: Պապական նուիրակը Վատիկանի աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ շեշտեց լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը: Ան նաեւ գնահատեց կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը:  

Համատ Հասան. «Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Աշնան Դիմակայել «Քորոնա»-ի Համաճարակին Բ. Ալիքը»

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 35 Նոր Պարագայ. Ընդհանուր Թիւ` 1697

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1697-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 35 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 34-ը տեղացիներ են, իսկ մէկը` արտերկրի լիբանանցի: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 34 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1144 ուրիշներ` ապաքինած: Նախարարութիւնը նշեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին կատարուած են 2707 «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութիւններ` 34 տարբեր տարրալուծարաններու մէջ:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամսական դրութեամբ կ՛օժանդակէ շուրջ 200 հազար լիբանանցի ընտանիքներու, որոնց կը յատկացնէ 400 հազար լ. ոսկի, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի ընկերային օժանդակութիւններ: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ իրագործուած խորհրդարանական քննչութիւնը կը նպաստէ, որ Լիբանան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւններուն ընթացքին...

Պաապտայի Ժողովին.   «Մեր Ընտրանքը Երկխօսութիւնն Է, Եւ Ոչ Մէկ Շահ Կայ Ենթարկուելու Սադրանքներու»  Հաստատեց Բագրատունի

Պաապտայի Ժողովին. «Մեր Ընտրանքը Երկխօսութիւնն Է, Եւ Ոչ Մէկ Շահ Կայ Ենթարկուելու Սադրանքներու» Հաստատեց Բագրատունի

Շնորհակալութիւ՛ն պրն. նախագահ` ձեր այս հրաւէրին համար: Մեզի համար տեւաբար հանրապետութեան նախագահութիւնը եղած է բոլոր լիբանանցիները մէկտեղող եւ երկխօսութիւն զարգացնող հեղինակութիւն: Փաստօրէն երկար ժամանակէ ի վեր հնչեցուած համայնքային եւ ներլիբանանեան բախումներու մտահոգութիւնը այսօր կը քննարկուի ձեր հրաւէրով կայացող այս ժողովին, ուրկէ դժբախտաբար կը բացակային լիբանանեան հայրենիքին գոյութեան բաժնեկից մեր գործընկերները` իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ քաղաքական, կուսակցական կամ անհատական քինախնդրութեանց հետեւանք եղող...

Ազգային Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կասեցնելու Լիբանանի Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակի Սադրանք` Ընդգծելով, Որ Այդ Սադրանքներուն Դէմ Դնելը Լիբանանեան Հաւաքական Պատասխանատուութիւն Է

Ազգային Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կասեցնելու Լիբանանի Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակի Սադրանք` Ընդգծելով, Որ Այդ Սադրանքներուն Դէմ Դնելը Լիբանանեան Հաւաքական Պատասխանատուութիւն Է

Նախագահական պալատին մէջ երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիպումը, որուն նախագահեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն: Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Հասսան Տիապ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան...

Կառավարութիւնը Այսօր Լումայափոխներուն Մօտ Մեկնարկը Կը Կատարէ Ելեկտրոնային Հարթակին

Կառավարութիւնը Այսօր Լումայափոխներուն Մօտ Մեկնարկը Կը Կատարէ Ելեկտրոնային Հարթակին

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ յայտնած է, թէ երկիրը հսկայական տագնապի մը դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ այդ տագնապը պիտի ունենայ իր հետեւանքները, որոնք բաւական վատ են: «Վարչապետը հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունն է ամերիկեան տոլարին...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Իսլամական Պատգամի Սկաուտական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Իսլամական Պատգամի Սկաուտական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Իսլամական պատգամի սկաուտական միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին միութեան ընդհանուր խմբապետի տեղակալ Հիւսէյն Աժամի եւ ընդհանուր խմբապետութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ սկաուտական շարժումներուն իրավիճակը եւ ներկայ տագնապին պատճառով անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց լիբանանեան սկաուտական միութիւններուն կողմէ միացեալ տեսակէտ մը ներկայացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ սկաուտական աշխատանքը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի երէկ յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ լիբանանեան պետութեան երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է, յատկապէս ելեւմտական եւ դրամատնային բարեկարգումներու, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի առումով: Ան նշեց, որ մթնոլորտը դրական է, եւ իրենց առաջնահերթութիւնն է, որ բանակցութիւնները ըլլան արդիւնաբեր: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար երէկ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի եւ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ...

Վարչապետի Նշանակման  Երեսփոխանական  Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու  Ժամանակացոյց

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Պաապտայի Երկխօսութեան Հանդիպումին` Ներկայութեամբ Պըրրիի, Տիապի Եւ Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Ազգային հանդիպումի մը` մասնակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Հասսան Տիապի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն: Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախորդ երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ապահովական միջադէպերն ու զարգացումները, որոնց ընթացքին հիմնականին մէջ թիրախ...

Տնտեսական Վատթարացող Կացութեան  Եւ Սղաճին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Վերսկսան

Տնտեսական Վատթարացող Կացութեան Եւ Սղաճին Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Վերսկսան

Երկրին մէջ հետզհետէ շեշտուող տնտեսական տագնապին, սղաճին եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն` երէկ երեկոյեան լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին անիւներ եւ կոչ ուղղեցին ժողովուրդին, որ իսկոյն փողոց իջնեն եւ ցոյցեր կատարեն, իսկ Ռինկի կամուրջին վրայ արձանագրուեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Արձանագրուեցան վիրաւորներ: Համրայի մէջ, Կեդրոնական դրամատան դիմաց,...

Հըթթի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը  Երկարաձգելու Հարցը

Հըթթի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Հարցը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ին տրամադրուելիք պիւտճէին վերաբերող հարցեր: Հըթթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սրի Լանքայի դեսպան Շանի Քալիանիրաթնի, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 1644-ի, Մահուան Պարագաներունը`  33-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1103-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1644-ի, Մահուան Պարագաներունը` 33-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1103-ի

Համատ Հասան. «Մտահոգիչ Նկատուող Փուլը Շրջանցած Ենք» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1644-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 22 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 15-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 33 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1103 ուրիշներ` ապաքինած: Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Պուարի կառավարական հիւանդանոցը,...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Երկխօսութիւնը Առիթ Է Քննարկելու Պետութեան Կայունութիւնն Ու Պաշտպանելու Անոր Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը»

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրը առիթ մըն է կատարելու երկխօսութիւն մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին պետութեան կայունութիւնը եւ պիտի պաշտպանուի քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Համախմբումը հաստատեց, որ լիբանանցիներուն ճակատագիրը միասնաբար ապրիլ է եւ միասնաբար լուծել երկրին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա հաստատեց, որ Լիբանան արագ թափով կ՛ուղղուի վերածուելու արտադրողական տնտեսութիւն ունեցող երկրի մը: «Այս ընտրանքը Լիբանանի արձանագրելիք զարթօնքին հիմքը կը կազմէ», ըսաւ Հուպալլա: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի սակերը մնացին անփոփոխ, մազութի թիթեղին սակը աւելցաւ 600 լ. ոսկիով, իսկ` կազը` 500 լ. ոսկիով: ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերն ու Լիբանանի երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նախարարութիւնը կը գործակցի միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` երիտասարդական ծրագիրներ մշակելու նպատակով: Հանդիպումէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ներկայիս կը կազմակերպուին հանդիպումներ լիբանանցի երիտասարդներու հետ, ըլլան անոնք քաղաքական ուժերու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւեր, քաղաքացիական...

Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին

Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի, որուն հետ կատարեց Լիբանանի եւ շրջանային թատերաբեմին վրայ արձանագրուած դէպքերու քննարկումը: Բագրատունի վեր առաւ լիբանանեան բանակի եւ զինեալ ու ապահովական կառոյցներու ճիգը` երկիրը զերծ պահելու ներքին բախումներէ եւ քաոսային վիճակէն: Ապա քննարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան հետ կապուած կարգ մը խնդիրներ, ուր Բագրատունի շեշտեց...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Պաապտայի Հինգշաբթի Օրուան Երկխօսութեան Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ

Հակառակ անոր որ Պաապտայի մէջ հինգշաբթի օրուան երկխօսութեան հանդիպումին մասնակցութեան առումով ժխտական պատասխանները աճ կ՛արձանագրեն, այսուհանդերձ նախագահական պալատին մէջ պատրաստութիւնները կը շարունակուին` ամէն գնով հիւրընկալելու այդ հանդիպումը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ազգային երկխօսութեան այդ հանդիպումին հրաւիրած էր լիբանանցի ղեկավարները` երկու շաբաթ առաջ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն եւ խափանարարական արարքներուն լոյսին տակ, նկատի ունենալով, որ այդ արարքները...

Page 483 of 988 1 … 482 483 484 … 988

Արխիւներ