Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Տիապ դարձաւ նաեւ Պըրրիի ճաշի հիւրը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Երկրին ելեւմտական կացութիւնն ու ամերիկեան տոլարի վաճառքի սակին ստեղծած քաոսը քննարկումի նիւթ դարձան Պըրրիի եւ լումայափոխներու սենտիքայի նախագահ Մահմուտ Մըրատի հանդիպումին ընթացքին:
Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ Պըրրի հասկացողութիւն ցուցաբերած է իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն նկատմամբ: