Վարչապետ Հասան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ, գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները:
Պապական նուիրակը Վատիկանի աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ շեշտեց լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը: Ան նաեւ գնահատեց կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը:



