Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Եւ Պաշտպանութեան Նախարարները Այցելեցին Պատարոյի Զինուորական Հիւանդանոց

Յունիս 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու եւ որդեգրուած նախազգուշութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր ընդունեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա» ժահրին վերաբերող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ այդ ժահրին դէմ պայքարելու առողջապահութեան նախարարութեան աշխատանքին մանրամասնութիւնները:

Այս իմաստով Աքր դրուատեց Հասանի ճիգերն ու հետեւողական ջանքերը:

Ապա նախարարներ Աքր եւ Հասան այցելեցին Պատարոյի զինուորական հիւանդանոց, շրջեցան, տարբեր բաժանմունքներուն մէջ` ներկայութեան զինուորական բժշկութեան մարմինի նախագահ գնդապետ-զօրավար Ժորժ Եուսեֆի եւ հիւանդանոցի տնօրէն, գնդապետ Ապտալլա Ալլաուիի եւ շարք մը սպաներու:

Նախարարները այցելեցին նաեւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բաժանմունքը եւ դրուատեցին Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան ճշդած չափանիշերով կատարուած աշխատանքը:

Նախարար Աքր ընդգծեց, որ զինուորական հիւանդանոցը իր բոլոր բաժանմունքներով կազմ ու պատրաստ է` շնորհակալութիւն յայտնելով բանակի հրամանատարութեան, առողջապահութեան նախարարութեան եւ հիւանդանոցին բժշկական անձնակազմին` իրենց ջանքերուն համար, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով:

Աքր հաստատեց, որ Լիբանան բացառիկ կերպով կրցած է դիմադրել այդ համաճարակին, այդ պատճառով ալ անոր կացութիւնը շատ մը երկիրներէ աւելի լաւ է:

Ան ընդգծեց առողջապահութեան նախարարութեան ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանան «Քորոնա» ժահրի տարածման երկրորդ ալիք մը չի դիմագրաւեր:

Իր կարգին նախարար Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտպանութեան նախարարին, որ մնայուն կերպով եւ տարբեր ճակատներու վրայ հետեւողական աշխատանք կը տանի: Ան դրուատեց անոր գործունէութիւնը յատկապէս զինուորական անձնակազմի նշանակումներուն առնչուած:

Համատ Հասան ողջունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, եւ դրուատեց կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին Պատարոյի զինուորական հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած բարեկարգումն ու հոն տիրող օրինակելիութեան այն աստիճանը, որ նաեւ իբրեւ ուսանելի տիպար կը ծառայէ այլոց:

Առողջապահութեան նախարարը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` «Քորոնա» համաճարակին առումով, լաւ է ու հակակշռուած:

Հասան. «Ներկայ Պայմանները Չեն Արտօներ,
Որ Դեղորայքի Սակերը Բարձրանան»

Միւս կողմէ, Համատ Հասան նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց հանդիպումի մը` դեղագործներու սենտիքայի խորհուրդին հետ, ներկայութեան սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամինի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան  դեղորայքի եւ նորածիններու ու մինչեւ երեք տարեկան երեխաներու կաթի սակերը:

Հասան ընդգծեց, որ ներկայ պայմանները չեն արտօներ, որ դեղորայք սղի, «ընդհակառակն` կ՛աշխատինք կարելի եղածին չափ այդ սակերը նուազեցնել», ըսաւ ան:

Հասան մաղթեց, որ դեղագործները օժանդակեն, որպէսզի կարելի ըլլայ տնտեսական այս ծանր տագնապին ընթացքին քաղաքացիներուն շահերը առաջնահերթութիւն սեպել:

Իր կարգին Ամին շեշտեց, որ իրենց համար լիբանանցի քաղաքացիին առողջութիւնը առաջնահերթ է` աւելցնելով, սակայն, որ դեղագործներու սենտիքայի խորհուրդը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի` նկատի ունենալով, որ աւելի քան հազար դեղարաններ փակուելու վտանգ կը դիմագրաւեն:

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ներկայ Գտնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Մեր Մտահոգութիւնն Է Ապահովել Ժողովուրդին Սնունդի Բաւարարութիւնը Եւ Երաշխաւորել Ապահովութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?