ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամսական դրութեամբ կ՛օժանդակէ շուրջ 200 հազար լիբանանցի ընտանիքներու, որոնց կը յատկացնէ 400 հազար լ. ոսկի, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի ընկերային օժանդակութիւններ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին կողմէ իրագործուած խորհրդարանական քննչութիւնը կը նպաստէ, որ Լիբանան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւններուն ընթացքին դրական արդիւնքներ արձանագրէ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ պէտք է սկսիլ բարեկարգումներու գործադրութեան` աւելցնելով, թէ կարելի չէ ելեկտրականութեան, նաւահանգիստներու, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ Լիբանան-Սուրիա ապօրինի անցքերու թղթածրարները անլոյծ պահել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող ներկայ տագնապէն դուրս գալու համար պէտք է երկխօսութիւն, քննարկում եւ փոխըմբռնում կատարել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ Պաապտայի Ազգային հանդիպումը կատարեալ ձախողութիւն մը կը նկատուի ներկայ իշխանութեան համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Պաապտայի Ազգային հանդիպումը անյաջող էր թէ՛ իր ձեւին եւ թէ՛ բովանդակութեան մէջ: Մուսթաքպալ հոսանքը հաստատեց նաեւ, որ Պաապտայի Ազգային հանդիպումէն բխած եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը ազգային եւ քաղաքական ականներ կը պարունակէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը վարուի այնպէս` կարծէք ան միայն քաղաքական որոշ ուժերը ներկայացնող նախագահը ըլլայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց նախկին նախարար Միշել Ֆարաոնը: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու տնտեսական եւ ընկերային տագնապներուն վերաբերող խնդիրներ: