Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները Քննարկեց Քիւպիչի Հետ

June 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիական զարգացումները` «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցի օրէնքի գործադրութեան լոյսին տակ:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ «Սիզըր»-ի ունենալիք հետեւանքները:

Ուահապ Քիւպիչի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցի օրէնքին հետեւանքներէն վերջին տուժողը պիտի ըլլայ Հըզպալլան:

Ան ընդգծեց, որ այդ պատժամիջոցէն պիտի տուժեն լիբանանցիները եւ ոչ թէ Հըզպալլան, որովհետեւ այս պայմաններուն ու պատժամիջոցին ներքեւ Հըզպալլա տարիներ շարունակ կրնայ տոկալ ու գոյատեւել:

«Հիմնական հարցը այն է, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, լիբանանեան պետութիւնն ու պետական հաստատութիւնները պիտի քայքայուին», ըսաւ Ուահապ:

Ան զգուշացուց նաեւ, որ, եթէ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը շարունակուի եւ ամէն բան փուլ գայ, ապա ապահովական կայունութիւնը պիտի խախտի:

Ուահապ աւելցուց, որ երկրին ու շրջանին մէջ տիրող այս կացութիւնը շարունակուելու պարագային վտանգաւոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի:

Ան հաւանական նկատեց, որ որեւէ ատեն պատերազմ բռնկի` շրջանային մակարդակով:

 

Նախորդը

Պապական Նուիրակը Վատիկանի Աջակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանին

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ներկայ Գտնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ
Լիբանանեան

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.