Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա հաստատեց, որ Լիբանան արագ թափով կ՛ուղղուի վերածուելու արտադրողական տնտեսութիւն ունեցող երկրի մը: «Այս ընտրանքը Լիբանանի արձանագրելիք զարթօնքին հիմքը կը կազմէ», ըսաւ Հուպալլա:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի սակերը մնացին անփոփոխ, մազութի թիթեղին սակը աւելցաւ 600 լ. ոսկիով, իսկ` կազը` 500 լ. ոսկիով:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան սակը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, եւ նոր սակը պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի:

Թլայս ընդգծեց նաեւ, որ փոխադրութեան մարզը ամբողջութեամբ ընդհանուր գործադուլ մը պիտի կատարէ 9 յուլիսին, եթէ անոր պահանջները չկատարուին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար պահանջեց Ֆիատիէի շէնքին մէջ նախարարութեան աշխատանքները կասեցնել` նախարարութեան պաշտօնեաներէն մէկուն զաւկին «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրոն, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` նկատի ունենալով դիւանագիտական իր պարտականութեան ժամկէտի աւարտը:

Լամուրոյի ընկերակցեցաւ նաեւ քանատական դեսպանատան զինուորական կցորդ Տէյվիտ Ճոնզ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն` իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, հաստատեց, որ Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան հանդիպումը անիմաստ է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ ոմանց կողմէ Պաապտայի հանդիպումին ուղղուած հայեացքը անձնական է եւ` նեղ շահերու վրայ հիմնուած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայացուցիչները պէտք է ներկայ գտնուին Պաապտայի հանդիպումին եւ իրենց կարծիքը արտայայտեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ նախկին վարչապետներուն կողմէ յայտարարուած մերժումը` Պաապտայի հանդիպումին մասնակցելու, պատասխանատուութեան գագաթնակէտը կը նկատուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցի օրէնքը վնաս կը հասցնէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ` ամբողջ Դիմադրութեան առանցքին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիէրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` անդրադառնալով սէյիտ Ալի Ամինի դէմ իսրայէլեան գործակալութեան յանցանքով ամբաստանութեան, կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Թող մութ ուժերուն կողմէ գործուող դաւադրութիւններն ու պատմութեան նենգափոխումը վերջ գտնեն: Վե՛րջ տուէք Լիբանանի քանդումին»:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն կիներու իրաւունքներուն վերաբերող օրէնսդրական աշխատանքի մը մասնակցութեան շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ ընտանեկան բռնութեան օրէնքը զգալիօրէն բարեփոխած են` աւելցնելով հետեւեալը. «Ո՛վ որ իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունք չունի, ուրեմն ան իբրեւ քաղաքացի չէ ճանչցուած»: Աուն ընդգծեց նաեւ անչափահաս պարմանուհիները ամուսնացնելու երեւոյթին վերջ տալու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Երկխօսութիւնը Առիթ Է Քննարկելու Պետութեան Կայունութիւնն Ու Պաշտպանելու Անոր Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.