Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Լումայափոխներուն Մօտ Մեկնարկը Կը Կատարէ Ելեկտրոնային Հարթակին

June 26, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ յայտնած է, թէ երկիրը հսկայական տագնապի մը դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ այդ տագնապը պիտի ունենայ իր հետեւանքները, որոնք բաւական վատ են:

«Վարչապետը հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունն է ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին պատասխանատուն` նկատել տալով, որ եթէ Կեդրոնական դրամատունը անկարող է լիբանանեան դրամանիշի պետական սակը ճշդել, ապա պէտք է տեղեակ պահէ կառավարութիւնը», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Ան նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի իր տեսակէտը յայտնած է ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պետական սակը ճշդելու մասին` ընդգծելով, որ պէտք է հետեւողական ըլլալ եւ հետեւիլ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի սակին արձանագրած վերիվայրումներուն:

Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր լումայափոխներուն մօտ մեկնարկը պիտի կատարէ ելեկտրոնային հարթակին:

Ցոյցերը Օրական Դրութեամբ Կը Շարունակուին

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան եւս լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ կատարուեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին անիւներ` երկրին մէջ հետզհետէ շեշտուող տնտեսական տագնապին, սղաճին եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ իբրեւ բողոք:

Ժողովրդային շարժումի ցուցարարները փակեցին Պէյրութի Պշարա Խուրի պողոտան`  երկաթեայ հսկայ աղբամաններ հրկիզելով:

Ցոյցին պատճառով ստեղծուեցաւ երթեւեկի ահաւոր խճողում:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին Մար Մխայէլի ներքին փողոցը`  Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց:

Փակուեցան նաեւ Ռինկի կամուրջը, Հալպայի մայրուղին, Պաալպեք-Տուրեսի հրապարակը, Շուէյֆաթի, Ֆաուր-Քֆարզապատի եւ այլ շրջաններու ճամբաները:

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Իսլամական Պատգամի Սկաուտական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ազգային Հանդիպումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կասեցնելու Լիբանանի Քաղաքացիական Անվտանգութեան Սպառնացող Ամէն Տեսակի Սադրանք` Ընդգծելով, Որ Այդ Սադրանքներուն Դէմ Դնելը Լիբանանեան Հաւաքական Պատասխանատուութիւն Է

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.