Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Ժողովին. «Մեր Ընտրանքը Երկխօսութիւնն Է, Եւ Ոչ Մէկ Շահ Կայ Ենթարկուելու Սադրանքներու» Հաստատեց Բագրատունի

Յունիս 26, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շնորհակալութիւ՛ն պրն. նախագահ` ձեր այս հրաւէրին համար: Մեզի համար տեւաբար հանրապետութեան նախագահութիւնը եղած է բոլոր լիբանանցիները մէկտեղող եւ երկխօսութիւն զարգացնող հեղինակութիւն:

Փաստօրէն երկար ժամանակէ ի վեր հնչեցուած համայնքային եւ ներլիբանանեան բախումներու մտահոգութիւնը այսօր կը քննարկուի ձեր հրաւէրով կայացող այս ժողովին, ուրկէ դժբախտաբար կը բացակային լիբանանեան հայրենիքին գոյութեան բաժնեկից մեր գործընկերները` իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ քաղաքական, կուսակցական կամ անհատական քինախնդրութեանց հետեւանք եղող պատճառներով կամ պատրուակներով:

Ու երբ այսօր կը հաւաքուինք քննելու համար երկիրը վտանգող սադրանքներու կամ պատերազմի խնդիրները, ակամայ կը վերադառնանք այն դառն իրականութեան, որ ոչինչ սորված ենք անցեալէն, եւ հակառակ քաղցր արտայայտութեանց կամ շպարուած տրամադրութեանց, 1975-ին Լիբանանի մէջ բռնկած այլոց պատերազմի հետեւանքները չեն դարմանուած, եւ կը յամենան ներքին պառակտումի եւ համայնքային խոր տարբերութեանց երեւոյթները:

Այսօր գիտենք, որ անցնող 30 տարիներուն իւրաքանչիւր կողմ իր պատասխանատուութեամբ չէ կրցած դարմանել համայնքային թէ յարանուանական արմատացած տրամադրութիւնները, քինախնդրութիւններն ու դրսեւորումները, որոնք կը յամենան, որովհետեւ կարելի չէ եղած օրէնքի հաւասար կիրարկումն ու Թաէֆով որդեգրուած սահմանադրութեան գործադրութիւնը:

Այսօր մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք ընտրանք կատարելու: Չեմ խօսիր ո՛չ քաղաքական, ո՛չ տնտեսական-ելեւմտական եւ ո՛չ ալ արժէքային համակարգի անկումին մասին:

Այլ հիմնական ընտրանքն է առաջնահերթութիւնը. կամ` պատերազմ ու սադրանք, եւ կամ` երկխօսութիւն:

Այս ճակատագրական օրերուն, կարելի չէ եւ անընդունելի է բնականաբար մտածել վատ ընտրանքի մասին: Բոլորիս հաւաքական պատասխանատուութիւնն է երկիրը փրկել: Ու փրկութիւնը կու գայ միայն երկխօսութեամբ, հեռու` քաղաքական կարծր հռետորաբանութենէ, անմիջական շրջապատը գոհացնելու բարդոյթէն կամ ընտրական շահեր ապահովելու ձգտումէն:

Երկխօսութիւնը կ՛ըլլայ քայլ առ քայլ, համբերութեամբ ու յարատեւութեամբ: Ու մենք պարտաւոր ենք խօսելու եւ տեւաբար հասարակաց գիծեր փնտռելու:

1943-էն ի վեր մենք ջատագովը եղած ենք երկխօսութեան, ու յաճախ վճարած ենք սուղ գին, մերժած ենք պատերազմը, որդեգրած ենք յանձնառու չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, չենք հասկցուած, յարձակումի ենթարկուած ենք, բայց պահած ենք մեր հաւատքը, որ առանց երկխօսութեան կարելի չէ այս երկիրը պահել:

Յանուն Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ այն զանգուածներուն, որոնց ներկայացուցիչն եմ, ճակատաբաց կ՛ըսեմ. մեր ընտրանքը երկխօսութիւնն է, ու միայն այդ ճամբով կրնանք յաղթահարել Լիբանանը դէպի քանդում տանող այս վտանգաւոր վիճակը: Ոչ մէկ շահ կայ ենթարկուելու սադրանքներու:

 

Նախորդը

Երեք Ընդդիմադիր Կուսակցութիւններու Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Խմբագրական. Բացառե՛լ Առաջին Ընտրանքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?