Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Հինգշաբթի Օրուան Երկխօսութեան Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ

June 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ անոր որ Պաապտայի մէջ հինգշաբթի օրուան երկխօսութեան հանդիպումին մասնակցութեան առումով ժխտական պատասխանները աճ կ՛արձանագրեն, այսուհանդերձ նախագահական պալատին մէջ պատրաստութիւնները կը շարունակուին` ամէն գնով հիւրընկալելու այդ հանդիպումը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ազգային երկխօսութեան այդ հանդիպումին հրաւիրած էր լիբանանցի ղեկավարները` երկու շաբաթ առաջ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն եւ խափանարարական արարքներուն լոյսին տակ, նկատի ունենալով, որ այդ արարքները սպառնացին երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան:

Երկխօսութեան մասնակցութեան շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ ինք պիտի մասնակցի այդ հանդիպումին, որովհետեւ կառչած կը մնայ երկխօսութեան սկզբունքին:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ մերժած էր մասնակցիլ երկխօսութեան հանդիպումին:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ նախագահ Աունը յորդորեց յետաձգել երկխօսութեան հանդիպումը եւ վերադասաւորել իր առաջնահերթութիւնները:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ այդ հանդիպումին` մաղթելով, որ ներկաները յաջողին Լիբանանը փրկել իր դիմագրաւած տնտեսական եւ ապահովական տագնապներէն:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց նախագահ Աունին երկխօսութեան հանդիպումին քննարկելիք նիւթը փոփոխութեան ենթարկելու եւ քննարկելու լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու զէնքի ուժը միայն լիբանանեան բանակին վերապահելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը երէկ կէսօրին յայտնեց, որ Խորհրդակցական հանդիպումը որոշած է մասնակցիլ երկխօսութեան հանդիպումին եւ որոշած երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի անձով ներկայանալ այդ հանդիպումին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին

RelatedPosts

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ
Լիբանանեան

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.