ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կիրակի, 12 յուլիս 2020-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, կառավարութեան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ երկրին տագնապներու լուծման կարելիութիւններուն:
Կառավարութեան աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է վերադառնալ կառավարութեան կազմութեան պայմաններուն, այսինքն` երկրին մէջ տիրող քաղաքական կացութեան, փողոցին իրավիճակին, վարչապետի նշանակումին եւ կառավարութեան կազմութեան:
«Այս ընթացքը տեւեց շուրջ չորս ամիս: Իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ` մեկնելով երկրին եւ պետութեան յանձնառու մնալու իր դիտանկիւնէն, միշտ ալ նպաստած ենք պետութեան շահերուն ապահովումին, տագնապներու ու հարցերու լուծման դիւրացման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան իրավիճակի ամրապնդման: Լիբանան անդունդի եզրին կը գտնուէր, եւ նախքան կառավարութեան կազմութիւնը արդէն իսկ տիրական սկսան դառնալ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին օգտագործուած եզրերը, ինչպէս` անցարգելներ, Շեվրոլէ, մահմասեթ Սաննին, Ասաատ Ասաատ փողոց, Նահր Քալպ, Ռինկ: Այն երիտասարդը, որ ծանօթ չէր այս բոլորին, հաւանաբար չէր գիտեր, թէ երկիրը դէպի ո՛ւր կ՛երթայ: Մենք, մեր պատասխանատուութենէն մեկնելով, ճիգ չխնայեցինք առաւելագոյն ձեւով դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: Լաւ կը յիշեմ, կառավարութեան կազմութեան նախօրեակին, երբ վարչապետին եւ կառավարութեան կազմութեան հետ կապ ունեցող քաղաքական ուժերուն հետ խօսեցանք եւ յայտնեցինք, որ եթէ նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին յատկացուելիք զոյգ նախարարութիւնները հարց կը ստեղծեն, մենք համաձայն ենք որեւէ նախարարութիւն ստանձնելու, սակայն կառավարութիւնը վաղն իսկ կազմեցէ՛ք: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք, կառավարութիւնը կազմուեցաւ ժողովրդային շարժումի ցոյցերուն ներքեւ: Անշուշտ տնտեսական ու ապրուստի տագնապը եւս տիրական էր, իսկ Լիբանանի շրջափակումը արդէն իսկ սկսած էր», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ կազմուած կառավարութիւնը քաղաքական երանգով մասնագէտներու կառավարութիւն մըն է, եւ աւելցուց, որ անիկա Հըզպալլայի կառավարութիւն չէ, որովհետեւ ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ալ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերը Հըզպալլայի ուղեգիծով կ՛առաջնորդուին:
Ան նշեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած նախարարը կուսակցական չէ, այլ քաղաքացիական ընկերութիւնը կը ներկայացնէ` հաստատելով, որ անոր աշխատանքէն բոլոր քաղաքական կողմերը գոհ են, նաեւ` երիտասարդական եւ մարմնակրթական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լիբանանեան քաղաքական այսօրուան ընդդիմութիւնը եւս կառավարութիւնը կը նկատէ Հըզպալլայի կառավարութիւն` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ քաղաքական այդ նոյն ուժերը նախորդ կառավարութիւններուն մաս կազմած են, երբ Հըզպալլա կառավարութեան մէջ կուսակցականներով ներկայացուած էր:
«Կառավարութեան արդիւնաւէտութիւնը օրուան կարիքներուն չի համապատասխաներ, եւ նախարարներուն մասին անգոհունակութեան մթնոլորտ մը կար ժողովուրդին կողմէ: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ կառավարութիւնը տակաւին նոր կազմուած էր, երբ Լիբանան դէմ յանդիման կանգնեցաւ լուրջ հարցի մը` «Քորոնա»-ի համաճարակին, որուն դիմակայման մէջ կառավարութիւնը յաջողեցաւ: Կառավարութիւնը եկաւ ըսելու նաեւ, որ «Եուրոպոնտ»-ի լիբանանեան պարտամուրհակները կը մերժէ վճարել», նշեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ ոմանք տրամադրուած էին այնպէս, որ կառավարութեան կեանքը միայն երեք ամիս կրնայ տեւել,«սակայն բոլորին համար յստակ է, որ նախարարի մը կողմէ իր նախարարութիւնը ստանձնելու համար նուազագոյնը երկու ամսուան կարիք կայ: Իսկ այս կառավարութենէն կը պահանջուի անկարելին կատարել` փտածութեան դէմ պայքարիլ, իւրացուած գումարները վերադարձնել, լիբանանցիին արժանապատուութիւնը վերականգնել, ապրուստի տագնապին լուծումներ գտնել, երկրին շրջափակումին վերջ մը տալ: 17 հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ պայթած ժողովրդային շարժումն ու ժողովուրդին պահանջները փոխակերպուեցան եւ վերածուեցան այլ պահանջներու, ինչպէս` Հըզպալլայի զինաթափումի պահանջին: Աւելի կարեւոր եւ լուրջ կառավարութիւններ չեն կրցած լուծել Հըզպալլայի ապազինման եւ պաշտպանութեան ռազմավարութեան հարցը: Հոս կ՛ակնարկեմ նախորդ բոլոր կառավարութիւններուն: Շեշտեմ նաեւ, որ, թէեւ վարչապետ Հասսան Տիապ կառչած կը մնայ կառավարութեան աշխատանքը շարունակելուն, սակայն մէկ հոգիով կարելի չէ լուծել երկրին տագնապները», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Ան հարց տուաւ, որ ի՞նչ պէտք է սպասել կառավարութենէ մը, որուն նախարարները քաղաքականութեան մարզին մէջ մասնագիտացած չեն, եւ արդեօք իրապէս կը հաւատա՞նք, որ Լիբանանին դիմագրաւած այս բոլոր տագնապները, լիբանանցիները
կամ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը պիտի կարենայ լուծել:
«Ցաւ ի սիրտ կ՛ըսեմ, եւ չեմ փափաքիր, որ նեղանան ըսելիքէս, որովհետեւ անիկա ճշմարտութիւնն է: Լիբանան 3-4 դար օսմանցիներուն իշխանութեան տակ մնաց, անոնց յաջորդեցին ֆրանսացիները, ապա` 1943-ի անկախութիւնն ու արտաքին միջամտութիւնները: 1956-ին Եգիպտոսի յեղաշրջումն ու Ժամալ Ապտել Նասերը, 1958-ին ներքին պառակտումի խորացումը, ապա պաղեստինցիներուն ներկայութիւնը, 1967-ի պատերազմը, 1969-ի պատերազմը, 1973-ի եւ 1975-ի պատերազմները, սուրիական միջամտութիւնները, իսրայէլեան բռնագրաւումը: Դժբախտաբար կան լիբանանցի ղեկավարներ, որոնք երանի կու տան սուրիական ներկայութեան օրերուն` ըսելով, որ նուազագոյնը կար մէկը, որ երկիրը կը ղեկավարէր: Մենք բոլորս պէտք է ընդունինք, որ մենք պատասխանատու ենք երկրին մէջ ստեղծուած այս տագնապալի կացութեան, անշուշտ իւրաքանչիւրը իր չափին, կարողութեան եւ համեստութեան համաձայն: Ի՞նչ է օգտակարութիւնը զիրար վարկաբեկելու, փայտեայ ոճով ու բառամթերքով խօսելու, եւ ապա ուղղուելու երկխօսութիւն կատարելու ընտրանքին:
Պաապտայի պալատին մէջ վերջերս կայացած Ազգային երկխօսութեան հանդիպումին ես պարզ առաջարկ մը ներկայացուցի` ըսելով, որ մենք ունինք երկու ընտրանք` սադրանքը կամ երկխօսութիւնը, այլ խօսքով` պատերազմը կամ երկխօսութիւնը: Ի՞նչ կ՛ընտրենք. բնականաբար` երկխօսութիւնը:
Լիբանանցիները 15 տարի պատերազմեցան: Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հայկական երեք կուսակցութիւնները որդեգրեցին դրական չէզոքութեան կեցուածքը: Ոչ ոք հասկցաւ մեր ըսածը, ասոր պատճառով քաղաքական ուժեր մեր վրայ յարձակեցան, եւ մենք սուղ վճարեցինք, արեամբ վճարեցինք այդ կեցուածքին գինը: Մեզի դէմ յարձակող ուժերը քրիստոնեայ եւ ոչ-քրիստոնեայ էին: Անոնք մեզի ըսին, որ մենք եկուոր ենք եւ նոր Լիբանան եկած ենք: Ճիշդ են. մենք Լիբանան հասած ենք, ինչպէս բոլոր լիբանանցիները հասած են հոս, սակայն երբեք չենք կրնար զօրակցիլ արիւնահեղութեան շարունակութեան: Մենք շեշտեցինք, որ մենք հայրենիք եւ հայրենի հողեր կորսնցուցած ժողովուրդ ենք, եւ որովհետեւ կը գիտակցինք անոր արժէքին ու գիտենք, թէ պատերազմը դէպի ուր կրնայ առաջնորդել, ընտրեցինք ուղղուիլ երկխօսութեան կողմը եւ զօրակցիլ պետութեան: 15 տարի պատերազմ, քանդում, բաժանում, որմէ ետք ի վերջոյ լիբանանցիները հրաւիրուեցան Թաէֆ` երկխօսութիւն կատարելու: Վերադառնանք արխիւին եւ նկատի ունենանք 7 մայիսի պարագան. 7 մայիսէն 4 ամիս առաջ հրապարակած ենք հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուցինք, թէ մենք կ՛ուղղուինք դէպի սադրանք եւ պատերազմ: Ոչ ոք հաւատաց մեզի, ի վերջոյ լիբանանցիները հրաւիրուեցան Քաթար, որպէսզի համաձայնինք: Այս օրերուն ոչ ոքի հոգն է: Ո՛չ ոք մեզ պիտի հրաւիրէ: Կրնայ ըլլալ տակաւին հասուն չե՞նք, որ կրնանք մենք զմեզ կառավարել», հարց տուաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ այսօր կայ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակ մը, որուն մեկնաբանութիւնը մենք եւ լիբանանցիները կը կատարենք: «Լիբանանցիները քաջ գիտեն արտաքին աշխարհին ազդեցութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն վրայ` սկսելով Միացեալ Նահանգներէն, Իրան, Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սուրիա եւ մինչեւ ուր որ կ՛ուզէք: Այս բոլորը իրենց գրասենեակները ունին Լիբանանի մէջ, եւ ես` իբրեւ տանտէր, անոնց գրասենեակները բաց պահած եմ, գիտնալով հանդերձ, որ այլ պետութիւններ իրենց շահերը ապահովելու համար պիտի միջամտեն իմ ներքին հարցերուս: Ինչո՞ւ չկրցանք հասնիլ «Բա՛ւ է» ըսելու համոզումին եւ տրամաբանութեան», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:
Անդրադառնալով լիբանանցիներուն կենցաղին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երկրին մէջ կայ անօթութիւն, սակայն շաբաթավերջերուն կայ նաեւ ճաշարաններ, սրճարաններ եւ գինետուներ յաճախողներու հսկայ թիւ մը: Ան խստիւ դատապարտեց այն լրատուամիջոցները, որոնք նիւթական օժանդակութեան հիման վրայ տեսագրութիւններ կը պատրաստեն` նկատել տալով, որ անոնք պէտք է երթան եւ փնտռեն այն միութիւնները, կուսակցութիւններն ու եկեղեցիները, որոնք լուռ կ՛օժանդակեն ժողովուրդին եւ կը հասնին անոնց: «Դժբախտաբար կ՛ըսեմ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ նախապէս նուիրատուութիւն կատարող անհատը այսօր կարիքաւորի վերածուած է: Կը հաւատամ, որ Լիբանանի մէջ չկայ խելացի մարդ մը, որ կը հաւատայ, թէ երկրին կացութեան պատասխանատուն կառավարութիւնն է, այս կառավարութիւնը, կամ վարչապետը, կամ անհատ մը: Պատասխանատու է հաւաքականութիւնը, իսկ միակ կողմը, որ պիտի կարենայ վճռել, թէ ո՛վ է սխալը, ո՛վ է խաբեբան, աւազակը, եւ ո՛վ է պարկեշտ գործող քաղաքական անձնաւորութիւնը` դատական իշխանութիւններն են», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` նոր կառավարութիւն մը ձեւաւորելու ճիգերուն բանակցութիւններուն մէջ, ի՞նչու կը մերժեն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումը` իբրեւ վարչապետ, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ վերջին 5-6 տարիներուն Լիբանանի մէջ վարչապետի նշանակումն ու կառավարութեան ձեւաւորումը ամիսներու կը կարօտի, եւ կարելի չէ երկիրն ու քաղաքացիները անորոշութեան ենթարկել: «Սաատ Հարիրիի վերանշանակումին մասին կան մանրամասնութիւններ, որոնց կ՛ուզեմ անդրադառնալ: Կը հաստատեմ, որ Մուսթաքպալ պլոքէն անկախ, մենք միակ քաղաքական կողմն էինք, որ վճռակամ ձեւով որոշած էինք Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրել: Հակառակ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի այն առաջարկին, որ իբրեւ համախմբում ուղղուինք Պաապտա եւ ոչ ոքի թեկնածութիւնը առաջադրենք, մենք` իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք որոշած էինք Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրել եւ այդ մասին յստակօրէն փոխանցեցինք Պասիլին: Վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն նախօրեակին, առաւօտեան ժամը 1:30-ին, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիէն ստացայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` մեր կեցուածքին մասին հարց տուող, եւ վերահաստատեցի, որ մեր որոշումը նոյնն է եւ յաջորդ առաւօտեան կ՛ուղղուինք Պաապտա առաջադրելու Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը, սակայն ճշդուած օրը Հարիրի ի՛նք իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց: Մենք Սաատ Հարիրին չլքեցինք: Այսօր եթէ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ, որ վարչապետ Հասսան Տիապ հրաժարի, ապա ան պատրաստ է հրաժարելու: Այս մասին ինք հաստատած է: Ան ո՛չ կուսակցութիւն հիմնած է, ո՛չ երեսփոխանական ընտրութիւններու կը փափաքի մասնակցիլ եւ պատրաստ է հրաժարելու, եթէ ուղղակի նոր կառավարութիւն կը կազմուի», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ ներկայիս Սաատ Հարիրի պատրաստ չէ վերստանձնելու վարչապետի պաշտօնը, եւ կը խօսուի վարչապետի պաշտօն ստանձնող այլ անուններու մասին:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ լիբանանցիները պէտք է վերջ տան այլ երկիրներու եւ պետութիւններու վստահելու իրենց սովորութեան եւ որոշեն միասնական ըլլալ ու առանձինն ղեկավարել այս երկիրը:
Դրամական միջազգային ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին Լիբանանի ներկայացուցած ոչ միացեալ թիւերու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի գնահատեց այն հսկայական աշխատանքը, որ կատարուեցաւ կառավարութեան, ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ, որովհետեւ անոնց ջանքերով կարելի եղաւ մօտեցնել թիւերը:
«Հասած ենք կացութեան մը, ուր քաղաքացին գանած է կեանքէն, համբերութիւնը սպառած է, եւ իր նայուածքը ուղղած է այլ երկիրներու դեսպանատուներ` անհամբեր սպասելով իր արտագաղթի պահուն: Պէտք է անյապաղ բացայայտել երկիրն ու պետութիւնը թալանող յանցագործները: Դատական իշխանութիւնները այս իմաստով լուրջ աշխատանք ունին կատարելիք», հաստատեց ան:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին միջեւ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ այդպէս կ՛ընթանան: Ան ընդգծեց, որ այդ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ եւ անոնց նպատակը երկրին շահերուն ապահովումն է:
«Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` երբ ան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը գլխաւորէր, լաւ գիտեն, թէ մեր միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ, նոյնիսկ եթէ երբեմն տարակարծիք ըլլանք: Տարակարծութիւնը բնաւ բաժանումի պէտք չէ առաջնորդէ, եւ մենք դաշնակիցներ ենք, այսինքն` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ՀՅ Դաշնակցութիւն չէ, իսկ ՀՅԴ-ն Ազգային ազատ հոսանք չէ: Մենք ազատ ենք մեր որոշումներուն մէջ եւ մեր առած քայլերուն մէջ, ոչ ոք որեւէ ուժի
կրնայ կարծիք պարտադրել: Օրինակ` անցեալ չորեքշաբթի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, յառաջիկայ օրերուն կրնանք այցելել նաեւ այլ ղեկավարներու, ինչպէս` Սամիր Ժահժահ, Սլէյման Ֆրենժիէ եւ այլն: Այս գծով մենք ոչ ոքէ արտօնութիւն կ՛առնենք եւ ոչ ոքի հաշուետու ենք: Իսկ Նոր տարուան գիշեր կատարուած գուշակութիւնները մեզ չեն հետաքրքրեր», հեգնեց Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ այդ ընտրութիւններուն առիթով դաշնակցիլն ու քաղաքական դաշնակից ըլլալը նոյն բանը չեն:
Կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւնները կատարելու համար 9 տարուան աշխատանք ծաւալեցաւ` ընտրական օրէնք մը մշակելու, իսկ այսօր խոր տարակարծութիւն կայ վերջին ընտրութիւններուն որդեգրուած ընտրական օրէնքին գծով:
«Եթէ մենք այսօր համաձայնինք, որ վեց ամիսէն կանխահաս ընտրութիւններ պիտի կատարենք, ի՞նչ օրէնքի հիման վրայ եւ ի՞նչպէս պիտի կազմակերպուին այդ ընտրութիւնները: Այդքան ալ պարզ չէ: Բոլորս փոփոխութիւն կ՛ուզենք, եւ վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին փոփոխութիւն արձանագրուեցաւ: Փաստօրէն կան 75 նոր երեսփոխաններ: Կան երիտասարդ երեսփոխաններ, որոնք սակայն իրենց հայրերուն լեզուով կը խօսին: Դուք մոռցաք ընտրակաշառքի մեծութիւնը: Օրին բազմիցս ըսինք, որ` սիրելինե՛ր, այսօր 100 տոլար կ՛առնէք ձեր քուէն վաճառելու, սակայն յառաջիկայ չորս տարիներուն օրական 100 տոլար պիտի վճարէք ընտրուած նոր քաղաքական դասը հանդուրժելու: Մեզի հաւատք չընծայեցին: Եթէ կրցանք ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կը կատարուին: Այլապէս պիտի սպասենք մայիս 2022-ի` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները, եւ կը հաստատեմ, որ միայն 10 առ հարիւրի փոփոխութիւն պիտի արձանագրուի` այդ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն մէջ, ըստ գոյանալիք ընտրական դաշինքներուն եւ լրատուամիջոցներուն ուղղուածութեան: Դրամատուները, դրամատուներու սեփականատէրերը, գործարարները, եւ օրին մեծ թիւերով ծանուցումներ ունեցող հաստատութիւններն ու դրամատուներն են, որ ժողովուրդին ապրուստը առեւտուրի վերածած են», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ դրամատնային մարզը Լիբանանի վերաշխուժացման գործընկերն է: «Մենք անցեալին սխալեցանք այն իմաստով, որ երկրին երկրագործութիւնը, ճարտարարուեստն ու արդիւնաբերութեան վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը հարուածեցինք ու որդեգրեցինք ծառայութիւններու տնտեսութիւնը: Այս փուլը երկրին երկրագործութիւնն ու ճարտարարուեստը վերաշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներ կատարելու փուլն է: Մենք մեզի ընծայենք երկու կամ երեք ամիս` հեռու մնալու փայտեայ եզրերէն, ամբաստանութիւններէն ու ցեխարձակումներէն եւ վերադառնանք մտածելու, թէ ի՞նչ կրնանք ընել: Հրաժարինք Արեւելքի կամ Արեւմուտքի թեքելու պատմութենէն: Վերջ տանք այն դատարկ օղակին, որուն մէջ կը սիրեն դառնալ բոլորը: Մենք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին սորված ենք, որ Լիբանան քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայրն է, ինչպէս նաեւ` Արեւելքը Արեւմուտքին կապող կամուրջ», ընդգծեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն է Կեդրոնական դրամատունը դատական հաշուեքննութեան ենթարկելու` աւելցնելով, որ լիբանանցի քաղաքացիին ցաւը այն է, որ օտարներ` այլ պետութիւններ, կը միջամտեն Լիբանանի ներքին հարցերուն եւ զայն իրենց շահերուն կը փափաքին ծառայեցնել:
Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու թրքական պետութեան որոշումին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ անիկա հետեւանք է տարիներու վրայ երկարող թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւններու քաղաքականութեան: «Թրքական քաղաքականութեան հիմքը ուրացումն է` սպանութիւններու, իրաւազրկման, սպանդներու, Հայոց ցեղասպանութեան, ՍԷՅՖՕ-ի, շիիներու եւ սիւննիներու դէմ գործուած սպանդներուն, Լիբանանը 4 դարեր շարունակ բռնազաւթելու եւ արաբական այլ երկիրներ քանդելու ուրացման վրայ խարսխուած: Այսօր տրուած որոշումը` Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու, նոր պատկեր մըն է Թուրքիոյ քաղաքականութեան: Նոյն Թուրքիան, որուն կը զօրակցին արեւմտեան կարգ մը երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ: Հարցը Այա Սոֆիայէն շատ աւելի մեծ է. անիկա հին օսմանականութեան երազը վերահաստատելու քայլ մըն է` Էրտողանի անձով: «Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ինքզինք կը նկատէ կայսր մը եւ շրջանին նոր Ապտիւլ Համիտը: Դժբախտաբար կան արաբական որոշ երկիրներ, որոնք տակաւին կը զօրակցին Թուրքիոյ: Այսօր սակայն Թուրքիոյ զօրակցող արաբական երկիրներուն թիւը նուազած է: Ճիշդ է, որ մենք զգուշացուցած ենք զանոնք, բայց չեն հաւատացած մեզի, սակայն այսօր անոնք կը վերադառնան մեր խօսքերուն: Այս իրականութիւնը մեզի հաճոյք կամ գոհունակութիւն չի պատճառեր, սակայն ճշմարտութիւնը եղած է ու կը մնայ: Այս իմաստով Ազհարը իր կեցուածքը յայտարարեց, կան ձայներ եւ կեցուածքներ նաեւ Սէուտական Արաբիայէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, կը վկայենք Սուրիոյ պատահարները: 2008-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ հանդիպումի մը ընթացքին` իբրեւ արաբականութեան հաւատացող, կասկած յայտնած էի Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ յարաբերութիւններուն` աւելցնելով, որ երկու կամ երեք տարի ետք թրքական դիմակը պիտի իյնայ: 2011-ին արդէն իսկ բացայայտուած էր ամէն բան», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: