Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այա Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Էրտողանի Որոշումին Դէմ. Դատապարտումի Կեցուածքներ` Լիբանանեան Շրջանակներու Կողմէ

Յուլիս 13, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բիւզանդական Այա Սոֆիա տաճար-թանգարանը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումը դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց համայն աշխարհին, ինչպէս նաեւ նաեւ Լիբանանի  մէջ:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը յայտնեց, թէ ինք խորապէս ցնցուած է Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու էրտողանի հրամանագիրէն: Ան աւելցուց, որ նոյեմբեր 1934-ին անիկա Աթաթուրքի կողմէ վերածուած էր թանգարանի, 1453-ին Մոհեմատ Ֆաթիհ սութանին կողմէ գրաւուելով մզկիթի վերածուելէ ետք: «Համաշխարհային դատապարտումի ենթարկուող այս որոշումը կը հաստատէ Լիբանանի համակեցութեան իրավիճակը, ուր փոխադարձ յարգանք կայ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ` կրօնական, մշակութային թէ աւանդական սովորութիւններու եւ հաւատալիքներու յարգուելուն իմաստով», ըսաւ Ռայի պատրիարքը: «Կ՛աղօթենք, որ Լիբանան շարունակէ մնալ իբրեւ համակեցութեան օրինակ», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժպրան Պասիլ նոյնպէս դատապարտեց որոշումը, նշելով, որ 1934-ին Աթաթուրք զայն վերածած էր թանգարանի` իբրեւ խորհրդանիշ Արեւելք-Արեւմուտք եւ քրիստոնեայ-իսլամ մերձեցման վկայ: «Այսօր Այա Սոֆիայի մզկիթի վերածումը պատմութեան նենգափոխում ու մերձեցման  զեղծարարութիւն է եւ պատրուակ Իսրայէլին` Աքսայի մզկիթը Սողոմոնի տաճարին վերածելու», ընդգծեց Պասիլ եւ հարց տուաւ. «Հիմա Արեւելքն ու Արեւմուտքը արդեօք կ՛ըմբռնե՞ն Լիբանանի արժէքը` կրօններու եւ քաղաքակրթութեանց հանդիպումի երկրի արժէքը»:

Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ նոյնպէս դատապարտեց Էրտողանի որոշումը`  զայն նկատելով խնդրայարոյց եւ կրօնական հակաճառութիւնները գրգռող որոշում, որ կու գայ աւելնալու Էրտողանի գրգռիչ որոշումներուն` Սուրիայէն մինչեւ Լիպիա եւ ամբողջ շրջանի տարածքին:

Ասորիներո լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ որոշումը նկատեց անէծք` Աթաթուրքի եւ թրքական հանրապետութեան հասցէին ինչպէս նաեւ կրօններու եւ քաղաքակրթութեանց երկխօսութեան դէմ քայլ մը: «Ասիկա քաղաքական որոշում է, եւ Էրտողան ինքզինք Աթաթուրք մը կը կարծէ եւ ինքզինք իբրեւ նոր խալիֆա կը ներկայացնէ», ընդգծեց Աֆրամ` նշելով, որ այս որոշումը յաւելեալ հակառակութիւններու պիտի առաջնորդէ»:

Իսկ քաղաքագէտ եւ վերլուծաբան Ատէլ Եամմին դիտել տուաւ, թէ այս որոշումը յաւելեալ հարուած մըն է աշխարհիկութեան: «Էրտողան կ՛ուզէ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ թուրքերու կրօնական ու ազգային ղեկավարը եւ կը միտի վերահաստատել սուլթանական հեղինակութիւնը, սակայն ան իր այս քայլով կը վնասէ նոյնինքն իսլամութեան, որովհետեւ իսլամը ներողամտութեան, հանդուրժողականութեան կրօն է», ըսաւ ան: «Սակայն մենք այսօր` ՏԱՀԵՇ-ի ժամանակաշրջանին պէտք ունինք երկխօսութեան օրինակներու, եւ Լիբանան լաւագոյն օրինակն է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան» շեշտեց  Եամմին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հակառակ Վարակուածներու Թիւի Յաւելումին. «Քորոնա»-ի Համավարակը Հակակշիռի Տակ Է

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?