Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Սինիորան Եւ Մաշնուքը

Յուլիս 15, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի քարոզին ընթացքին արծարծուած օրինական հիմնական երեք կէտերը, որոնք են` լիբանանեան օրինականութիւնը շրջափակումէ փրկել, Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային տագնապներէ զերծ կացուցել, ինչպէս նաեւ միջազգային օրինականութեան բանաձեւերը` թիւ 1701, թիւ 1757, թիւ 1680 եւ թիւ 1559 բանաձեւերը գործադրել:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնը կրնայ ըլլալ Լիբանանը իբրեւ պետութիւն, հայրենիք եւ պատգամ պահպանող ազգային ամբողջական երկխօսութեան առիթ մը:

Սինիորա հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնը լիբանանեան երկփեղկումի առիթ մը չէ, այլ` զգուշացում մը Լիբանանին սպառնացող հսկայական փորձանքներէն:

«Ըստ երեւոյթին, Լիբանանի կառավարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահը անբաւարար են Լիբանանի պահպանումին համար, հետեւաբար կարիքը կը զգացուի անոնց կողքին բոլոր լիբանանցիներուն ճիգերը համախմբելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովել», ըսաւ ան:

Սինիորա նկատել տուաւ, որ անցնող տարիներուն ընթացքին Լիբանան շատ սուղ վճարեց իր գոյատեւման գինը, մինչեւ որ կարելի եղաւ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Ազգային ուխտին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները կը փափաքին ունենալ ազատ, անկախ, գերիշխան եւ արաբական երկիր մը:

Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք, որ իր կարգին միւֆթի Տըրիանի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին արծարծած երեք կէտերուն շուրջ ազգային լուրջ երկխօսութիւն պէտք է կատարել:

Մաշնուք հաստատեց, որ Լիբանանի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ քաղաքական տագնապ գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ բարեկարգումները, որոնք կրնան միջազգային եւ արաբ ընտանիքներուն կողմէ հաւանական օժանդակութիւններու դռներ բանալ:

Նախորդը

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Պշարա Ասմարը Վերընտրեց Նախագահ

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Քննարկեց Վովինամ Մարզաձեւը Օրինականացնելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?