Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն գլխաւորեց նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը:
Ռաատ շեշտեց, որ Հըթթիի հետ հանդիպումին նպատակն էր անոր փոխանցել պաշտօնական բողոքագիր մը` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի կատարած յայտարարութիւններուն եւ շրջանցումներուն մասին:
Ան նշեց, որ դեսպանին պարտականութիւնն է դիւանագիտական լեզուով խօսիլ եւ իր աշխատանքը կազմակերպող օրէնքներու հիման վրայ վարուիլ: «Այս բողոքագիրը կ՛անդրադառնայ լիբանանեան ներքին կեանքին ամերիկեան միջամտութիւններուն` սկսեալ նշանակումներէն հասնելով մինչեւ որոշ լիբանանցիներու դէմ սադրանքներու նախապատրաստութեան, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն` նկատի ունենալով, որ անոնք վատ ազդեցութիւն կը գործեն երկրին տնտեսութեան վրայ:
«Մենք ազատ եւ անկախ երկիր ենք: Երկիր մը, որ իր արժանապատուութիւնը ունի, ուստի կարելի չէ այդ լեզուով խօսիլ անոր հետ, այլ պէտք է յարգել Վիեննայի պայմանագիրը: Այս իմաստով արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջեցինք համապատասխան քայլերու դիմել` հակակշիռի տակ առնելու համար դեսպանին վարուելակերպը», շեշտեց Ռաատ: