Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու կառավարութեան օրակարգը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց տնտեսական եւ ելեւմտական ծրագիրներուն մէջ որդեգրուած միջոցառումները, յատկապէս բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին կրկին տարածումը կ՛ենթադրէ, որ որդեգրուած միջոցառումները վերատեսութեան ենթարկուին:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները օրըստօրէ կը շեշտուին` աւելցնելով սակայն, որ Իրաքի, Քուէյթի, Քաթարի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ Լիբանանի բարեկամներուն հետ կառավարութեան հաղորդակցութիւնները դրական զարգացումներ կ՛արձանագրեն եւ քաջալերական են:
«Մենք ժայռերը կը փորենք Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը մեղմացնելու, իսկ ուրիշներ կառչած կը մնան լիբանանցիներուն տառապանքները բարդացնելու», ըսաւ ան:
Տիապ հարց տուաւ, թէ կրնա՞յ ըլլալ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատու մը, որուն ազգային խիղճը կը ներէ այս պայմաններուն ընթացքին արգիլել Լիբանանի կատարուելիք օժանդակութիւնները:
«Այս արարքը ամօթալի է եւ ազգային դաւաճանութեան մօտ է», ըսաւ Տիապ:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է 1997-2003, ինչպէս նաեւ 2018-ի պետական ամավարկերու հաշուեփակերուն վերաբերող օրինագիծերուն:
Ապտել Սամատ ընդգծեց նաեւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է մաքսային ոստիկաններու նշանակման` նկատի ունենալով անոնց ատակութիւնը:
Ան նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը վարչական բարեկարգումի պետական նախարարէն պահանջած է ապօրինի կերպով պաշտօնեաներու նշանակման հարցով թղթածրար մը պատրաստել:
Ապտել Սամատ նշեց, որ նիստին ընթացքին առաջարկուեցաւ նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը դատական հաշուեքննութեան ենթարկել:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի Կեդրոնական դրամատունը դատական հաշուեքննութեան ենթարկելու քայլին, կարգ մը նախարարներ մերժեցին, որ այդ պաշտօնը ստանձնէ «Քրոլ» ընկերութիւնը, եւ այդ պատճառով ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի առաջարկեց 6 այլ ընկերութիւններու անուններ», ըսաւ ան:
Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ընդհանուր քաղաքականութիւնը, որ պատրաստուած էր ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարարութեան հրաժարած ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի ներկայացուց այն դրդապատճառները, որոնք զինք մղեցին հրաժարելու:
Կառավարութիւնը մերժեց ընդունիլ Պիֆանիի հրաժարականը, սակայն վերջինս շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր հրաժարականին: «Ես չհրաժարեցայ, որպէսզի այդ որոշումս յետս կոչեմ: Կը պնդեմ, որ հրաժարականիս կառչած կը մնամ», ըսաւ ան:
Նիստէն ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար յայտնեց, որ ելեկտրականութեան հոսանքի հայթայթումը բարելաւուած է` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան կիսուն ատիկա աւելի զգալի պիտի դառնայ քաղաքացիներուն համար:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի հաստատեց, որ լիբանանցիները կրնան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնիլ` ընդգծելով, որ անոնց այցելութիւնը չէ մերժուած:
Ան նշեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ լիբանանցիներուն մուտքը իր կարգին արտօնուած է` աւելցնելով սակայն, որ այդ երկիրները 15 օրը անգամ մը նոր օրէնքներ կ՛որդեգրեն` «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ:



