ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2020-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար նկատի ունենալով տեղեկատուութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացումը: Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններուն եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան սկզբունքներու տարածումին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռաքայպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նաւթի թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ ընդունեց Սուրի դատախազ Մոհամետ Մազեհի հրաժարականը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա ըսաւ. «Ըստ երեւոյթին, արդարութեան նախարարին մօտ առաջնահերթութիւնը այն է, որ արագ որոշումներ վաւերացնէ` անարդարանալի կողմնակալութեամբ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Թարեք Խաթիպի:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու, ինչպէս նաեւ սադրանքներուն դիմաց տեղի չտալու:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ երկրին իշխող ներկայ աւազակախումբը կը շարունակէ Լիբանանի քանդումը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, պատասխանելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի յայտարարութեան, կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կառավարութիւնը ձեր աւազակախումբին կողմէ Լիբանանը քանդուած վիճակի մէջ ստանձնեց»:
ԱՄԱԼ շարժումի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնները շեշտեցին, որ կառավարութեան գործունէութիւնը կարիքը ունի աշխատանքային նոր թափի մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ երկրին պետութեան նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերահաստատել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնը 1992-էն ի վեր Հըզպալլայի կողմէ որդեգրուած ծրագիրն է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի կոչ ուղղեց զօրակցելու կառավարութեան եւ չներքաշուելու այնպիսի ծրագիրներու մէջ, որոնք կը նպատակադրեն ներքին տագնապ բռնկեցնել: