17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային ցոյցերուն եւ անոնց յաջորդած` փետրուար 2020-ին պարզուած «Քովիտ-19» համավարակի հետեւանքներուն լոյսին տակ, լիբանանցիք անհամբեր կը սպասեն դրական քայլերու կամ նախաձեռնութեանց, որոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ խոստմնալից ելք մը գտնել տիրող մտահոգիչ կացութենէն:
Այս իմաստով, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի Քուէյթ այցելութիւնը այսօր կու գայ իբրեւ խոստմնալից դրական քայլ մը` նկատի ունենալով, որ զօրավար Իպրահիմ նախագահ Միշել Աունէն յատուկ նամակ մը պիտի յանձնէ Քուէյթի էմիրին եւ պիտի տեսակցի քաղաքական թէ տնտեսական մարզերու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Զօրավար Իպրահիմի այցելութիւնը դրական նախաձեռնութիւն կը նկատուի` յայտնապէս նկատի ունենալով, որ Քուէյթ միշտ զօրավիգ կանգնած է Լիբանանին եւ երբեք չէ զլացած օժանդակութեան որեւէ քայլ, նիւթական թէ քաղաքական առումով:
Նախքան այդ, շաբաթավերջին վարչապետ Հասսան Տիապի հանրապետութեան միւֆթիին տուած այցելութիւնը նոյնպէս դրական եւ խոստմնալից քայլ նկատուեցաւ, յատկապէս որ խօսակցութեանց աւարտին վարչապետ Տիապ վերահաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի եւ պիտի շարունակէ յաղթահարել դժուարութիւնները:
Նոյն ծիրին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժպրան Պասիլի վերջերս ունեցած յաճախակի հանդիպումները խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ նմանապէս յուսադրիչ նկատուեցան` քաղաքական տարակարծութեանց հարթումին իմաստով:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի Լիբանանին յատուկ կատարած յայտարարութեան լոյսին տակ, յառաջիկայ օրերուն անոր Լիբանան ժամանման լուրը որոշ յոյսեր կը ներշնչեն: Այս գծով արդէն իսկ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը վերջերս Լիբանան եկած ու նախապատրաստական տեսակցութիւններ ունեցած է լիբանանցի պատկան կողմերուն հետ Լը Տրիանի Լիբանան այցելութեան օրակարգին մանրամասնութեանց գծով: Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս լիբանանցիք յուսատու ակնկալութեամբ կը սպասեն իրենց «հոգատար մօր» `Ֆրանսայի երկարելիք օժանդակութեան ձեռքին: Լը Տրիան կոչ ուղղած էր լիբանանցիներուն ըսելով. «Օգնեցէ՛ք մեզի, որ օգնենք ձեզի»
Տնտեսական առումով եւս Կեդրոնական դրամատան եւ տնտեսութեան նախարարութեան համախոհութեամբ տարրական սննդեղէնի եւ այլ պիտոյքներու սակագիներու նուազեցման որոշումը իր կարգին որոշ գոհունակութիւն յառաջացուց լիբանանցիներուն` յատկապէս իր օրապահիկով մտահոգ հատուածին մօտ: Այս վարկածը առաւել եւս շեշտուեցաւ պատկան մարմիններու ցուցաբերած այն վճռականութեամբ, թէ օրինազանց վաճառականները պիտի հետապնդուին սննդեղէնի յայտարարուած ցուցակի սակագիները անտեսելու պարագային:
Իսկ լիբանանեան թղթոսկիի սակին բարելաւումը յաչս ամերիկեան տոլարին իր դրական անդրադարձը ունեցաւ ելեւմտական շուկային վրայ: Փաստօրէն, տասը հազար լիբանանեան ոսկիի սահմանը հասած տոլարին սակագինը շաբաթավերջին նահանջելով հասաւ նուազ քան վեց հազար լիբանանեան ոսկիի` «սեւ» շուկային մէջ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանի վերաբացումն ու Լիբանան վերադարձող քաղաքացիներու թէ ճամբորդներու կատարելիք «տոլարային» ներդրումը նմանապէս դրական երեւոյթ նկատուեցաւ:
Այսուհանդերձ կարգ մը շրջանակներ կը շարունակեն մտահոգ ու վերապահ մնալ` նշելով, որ տոլարի սակագինին նահանջը քաղաքական է եւ տնտեսական հիմք չունի:
Նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ մտավախութիւն յայտնեց, որ կացութեան ներկայ ընթացքով եւ լուծման գործնական ու ազդեցիկ քայլերու բացակայութեան, տոլարին սակագինը տարեվերջին կրնայ շրջանցել քառասուն հազար լիբանանեան ոսկին: Այսուհանդերձ, Ուահապ խոստացաւ ճիգ չխնայել երկիրը այս կացութենէն փրկելու եւ թոյլ չտալ, որ լիբանանցիք սովի մատնուին: Պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ ան անհրաժեշտ նկատեց Կեդրոնական դրամատան նախագահ Ռիատ Սալամէի հրաժարումը` իբրեւ նախաքայլ կացութեան բարելաւման: «Ճիշդ է, որ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած տնտեսական պատերազմը դժուար է, սակայն նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են` դիմակալելու բոլոր հաւանականութիւնները», ընդգծեց Ուահապ:
Նոյն ծիրին մէջ եւ ժողովրդային գետնի վրայ, Լիբանանի զանազան շրջաններէն ցուցարարներ երէկ համախմբուելով Պաալպեքի «Խալիլ Մըթրան» հրապարակին վրայ, բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին` կառավարութենէն պահանջելով վերջ տալ տիրող փտածութեան երեւոյթին եւ հրաժարիլ:
Իսկ Պեքաայի Մաշղարա շրջանին մէջ ցուցարարներ շրջանի ելեկտրականութեան կեդրոնի մուտքին ցոյց մը կազմակերպեցին` բողոքելով ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատման դէմ:
Նմանապէս, Ատայսէյի շրջանին մէջ նման ցոյց կատարուեցաւ նոյն նպատակով:
Իսկ Պէյրութի Շարլ Հելու-Սայֆի մայրուղին երէկ որոշ ժամանակով փակուեցաւ երկու ուղղութեամբ` ցուցարարներու նմանօրինակ բողոքի ցոյցին պատճառով:
Նաեւ` Ապահովական Մտավախութիւններ
Միւս կողմէ, իրազեկ հաւաստի աղբիւրներու կարծիքով, Քայիտայի հետեւորդ «Ժապհաթ Նուսրա» շարժումը քուլիսներու ետին կը պատրաստուի գործունէութեան նոր փուլի մը, առ այդ` անոր հրամանատարութիւնը երեք անջատ խումբեր յառաջացուցած է Լիբանանի հիւսիսային շրջանէն` Տըննիյէի, Թրիփոլիի եւ Աքքարի մէջ: Նոյն աղբիւրներուն վերագրելով իր տեղեկութիւնները` «Նաշրա» կայքը կ՛աւելցնէ, թէ նշեալ խումբերը կազմ ու պատրաստ են` սպասելով «շարժելու» յատուկ հրահանգի: Անոնցմէ կարգ մը խումբերու պատասխանատուներ այս նպատակով յատուկ գումարներ ստացած են արտասահմանէն: