Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Վովինամ մարզաձեւի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց վիեթնամական այս մարզաձեւը օրինականացնելու կարելիութիւնները:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ընդունեց նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու միութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին տոքթ. Մուսա Շարաֆէտտին, շէյխ Իսմայէլ Զէյն եւ Ֆատիա Սաֆի:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ ինք այլ նախարարութիւններու պիտի դիմէ նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու կարիքները հոգալու նպատակով: