Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Վարակուածներու Թիւի Յաւելումին. «Քորոնա»-ի Համավարակը Հակակշիռի Տակ Է

Յուլիս 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ով վարակուածներու թիւին 166 պարագաներով աճը շաբաթավերջին որոշ մտավախութիւն ստեղծեց երկրին մէջ: Արդարեւ, Մեթնի Ռումիէի շրջանին մէջ մաքրութեան ընկերութեան մը 240 աշխատաւորներէն 118 հոգի «Քովիտ-19»-ով վարակման դրական ազդանշան ցոյց տուին: Անոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց, իսկ մնացեալ աշխատաւորներ փոխադրուեցան Քարանթինայի շրջանը, ուր որոշ ժամանակով պիտի մնան մեկուսացման պայմաններու մէջ: Նմանապէս, Հարաւի Պազուրիէի շրջանէն համավարակով վարակուածներու 3 պարագաներ յայտարարուեցան: Այլ շրջաններու մէջ եւս արձանագրուած վարակումներով ընդհանուր թիւը հասաւ 166-ի: Այսուհանդերձ առողջապահական մարզի պատասխանատուներ հանգստացուցին, թէ համավարակը հակակշիռի տակ է` տրուած ըլլալով, որ վարակումի աղբիւրը յստակ է, եւ դարմանումի միջոցները ընթացքի մէջ են: Այս գծով պատկան մարմիններ հաղորդագրութեամբ թէ կոչերով քաղաքացիներէն պահանջեցին առաւել յանձնառու ըլլալ պաշտպանիչ դիմակներու գործածութեան եւ հեռաւորութեան պահպանման մէջ: Առողջապահութեան նախարարի խորհրդական տոքթ. Մոհամետ Հայտար վերահաստատեց, որ պաշտպանիչ դիմակներու գործածութեան պայմանը անտեսողներ յիսուն հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի պիտի ենթարկուին:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտարարեց, որ 21 փետրուար 2020-էն ի վեր համավարակի առաւելագոյն վարակումներու թիւը արձանագրուեցաւ, սակայն դարմանումի եւ կանխարգիլման միջոցառումները առաւել խստապահանջութեամբ պիտի շարունակուին: Ան հաւանական նկատեց նոր վարակումներու արձանագրութիւնը` շեշտելով պաշտպանիչ դիմակներու գործածութեան` ընկերային հեռաւորութեան եւ այլ միջոցառումներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Իսկ պաղեստինեան գաղթակայաններու եւ յատկապէս ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի առողջապահութեան պատասխանատու տոքթ. Ապտել Հաքիմ Շաննահա երէկ կոչ ուղղեց Ռաշիտիէ գաղթակայանի պաղեստինցիներուն առաւել զգուշութեամբ եւ լրջութեամբ դիմակալելու համավարակի երեւոյթը եւ կիրարկելու կանխարգիլման յատուկ միջոցառումները: Կարգ մը տեղեկութեանց համաձայն, նշեալ գաղթակայանին մէջ եւս վարակուածներ եղած են:

Իսկ հարաւային Լիբանանի Նապաթիէի քաղաքապետութիւնը յայտարարեց, թէ այսօր քննութիւններ պիտի կատարուին «Քորոնա»-ով վարակուածներու ստուգման համար` նկատի ունենալով, որ արտասահմանէն վերադարձած քաղաքացի մը «Քորոնա»-ով վարակուած դուրս եկած է: Շրջանը պիտի մեկուսացուի, եւ կանխարգիլման խիստ միջոցառումներ պիտի որդեգրուին, ըստ քաղաքապետութեան հրապարակած հաղորդագրութեան:

 

 

Նախորդը

Այա Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Էրտողանի Որոշումին Դէմ. Դատապարտումի Կեցուածքներ` Լիբանանեան Շրջանակներու Կողմէ

Յաջորդը

Յոռետեսութեան Եւ Լաւատեսութեան Միջեւ. Հայեացքները Սեւեռած Են Խոստմնալից Դրական Քայլերու Վրայ

RelatedPosts

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի  Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ
Լիբանանեան

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?