Լիբանանեան

Տիմանի Մէջ.   «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Ներխուժէ Բնակուած Թաղերուն Մէջ Թաքցուած Զինամթերքի Եւ Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոցները»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Տիմանի Մէջ. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Ներխուժէ Բնակուած Թաղերուն Մէջ Թաքցուած Զինամթերքի Եւ Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոցները» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Տիմանի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին ընդմէջէն անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին պատճառած աղէտը նկատէ ահազանգ, եւ ներխուժէ տարբեր շրջաններու ու գիւղաքաղաքներու բնակուած թաղերուն մէջ թաքցուած զինամթերքի եւ պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոցները: «Լիբանանեան կարգ մը շրջաններ վերածուած են պայթուցիկ նիւթերու, ականներու եւ սպառազինումի դաշտերու,...

Քաֆթունի Մէջ Անարգ Ոճիր Մը Կը Խլէ Երեք Հոգիի Կեանքը

Քաֆթունի Մէջ Անարգ Ոճիր Մը Կը Խլէ Երեք Հոգիի Կեանքը

Քուրայի Քաֆթուն գիւղաքաղաքին մէջ ուրբաթ, 21 օգոստոս 2020-ի գիշերը ժամը 10:30-ին, անծանօթներ ինքնաշարժէ մը կրակ բացին երեք քաղաքացիներու դէմ` սպաննելով զանոնք: Քաֆթունի քաղաքապետարանի ոստիկանը փորձեց կասեցնել գիւղաքաղաք մտնող «Հոնտա աքորտ» տիպի եւ առանց թիւի ինքնաշարժը, որուն մէջ կային չորս զինեալներ: Ինքնաշարժին վարորդը չենթարկուելով ոստիկանին հրահանգին շարունակեց վարել ինքնաշարժը, մինչ ինքնաշարժին մէջ գտնուող զինեալներ կրակ բացին եւ սպաննեցին երեք հոգի, որոնք...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրած Է

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրած Է

Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումէն 20 օր ետք, պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը ոչ մէկ նորութիւն արձանագրած է: Պայթումէն տուժած քաղաքացիները կը շարունակեն գաղթականի վիճակին մէջ ապրիլ, իսկ շրջանին մէջ նուազագոյնը բնակարանին դուռն ու պատուհանները նորոգած քաղաքացիները առանց ելեկտրականութեան եւ ջուրի ծառայութեան կը շարունակեն գոյատեւել` նկատի ունենալով, որ պայթումը քանդեց Քարանթինայի, Մար Մխայէլի եւ Ժըմմէյզէի ենթակառոյցները: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդեց,...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 5951-ի, Մահուան Պարագաներունը` 70-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2042-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 12,698-ի, Մահուան Պարագաներունը` 123-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 3516-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 12,698-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 507 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 500-ը` տեղացիներ, իսկ 7-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 123 պարագաներ մահացած են, իսկ 3516 ուրիշներ` ապաքինած: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած գրառումի մը ընդմէջէն հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Մինչ Աշխատաւորները Կը Գործադրեն Բաց Գործադուլն Ու Բողոքի Նստացոյցը

Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Ջանքերը Ընթացք Առած Են

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ անցեալ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն 48 ժամ ետք, նոր կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը արդէն իսկ ընթացք առին եւ քննարկումներն ու պատկերացումները սկսան ձեւաւորուիլ: Այս շրջագիծին մէջ երէկ Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում` Պըրրիի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 11,580-ի, Մահուան Պարագաներունը`  116-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 3204-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 11,580-ի, Մահուան Պարագաներունը` 116-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 3204-ի

Մինչ «Քորոնա» ժահրը արագ կերպով կը տարածուի` վարակելով մեծ թիւով քաղաքացիներ, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կը դիմէ երկիրը փակելու միջոցառումին` նուազեցնելու համար վարակումին թափը եւ հակակշռելու համար կացութիւնը: Ի տես այս ջանքերուն, սեփական մարզի ներկայացուցիչները կը մերժեն այս միջոցառումը` հաստատելով, որ վաճառատուներու փակումը լուծում չէ, այլ` կառավարութեան կողմէ առնուած անխոհեմ քայլ: Անոնք հաստատեցին, որ սեփական վաճառատուներուն մէջ, եթէ ոմանք փափաքին աշխատանքը...

Պէյրութ Տակաւին Իր Աւերակները Կը Մաքրէ,  Իսկ Նաւահանգիստը Կը Շարունակէ Աշխատիլ

Պէյրութ Տակաւին Իր Աւերակները Կը Մաքրէ, Իսկ Նաւահանգիստը Կը Շարունակէ Աշխատիլ

Լիբանանն ու լիբանանցին կը շարունակեն ապրիլ Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին պատճառով ինկած զոհերուն յուղարկաւորութեան մթնոլորտը: 15-ամեայ պատանիին թաղումէն մինչեւ այն բոլոր սպիտակ դագաղները, որոնք «հարսանիք»-ի կազմակերպուածութեամբ կը փոխադրուին եկեղեցի եւ ծափողջոյններով կը դիմաւորուին, աւելի եւս կը յուզեն լուրերուն եւ իրադարձութիւններուն հետեւողները` աղերսանքի մատնելով լիբանանցիին երբեմնի կենսուրախութիւնը: Սուգի մատնուած հարիւրաւոր ընտանիքներուն հետ միլիոնաւոր լիբանանցիներ` ըլլան անոնք բնակիչներ թէ արտերկրի լիբանանցիներ, կը...

«Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք, Որ  «Քորոնա» Ժահրին Պատուաստը Լիբանան Հասնի»  Շեշտեց Զասիփքին

«Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք, Որ «Քորոնա» Ժահրին Պատուաստը Լիբանան Հասնի» Շեշտեց Զասիփքին

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա սկզբունքով համաձայն էր Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանի կազմութեան եւ ոչ մէկ անգամ լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դարձած է: «Մոսկուայի համար կարեւորագոյնը այն էր, որ դատարանն ու հետաքննութիւնը չքաղաքականացուէին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին խլրտումներ չպատճառէին», ըսաւ ան: Զասիփքին յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ Լիբանանի ներքին կայունութիւնը պահպանելու...

«Լիբանանի Մէջ Հարցերը Կարգախօսներով  Կարելի Չէ Լուծել, Այլ`  Պատմութենէն Դասեր Քաղելով»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Լիբանանի Մէջ Հարցերը Կարգախօսներով Կարելի Չէ Լուծել, Այլ` Պատմութենէն Դասեր Քաղելով» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2020-ին, Աշուրայի առաջին գիշերուան սգոյ երեկոյին ընթացքին յայտնեց, որ թշնամիին խառնուածքն ու ինքնութիւնը հասկնալու համար պէտք է իմանալ անոր պատմութիւնը: Ան ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի ապահովութեան եւ կայունութեան սպառնացող գլխաւոր վտանգը Իսրայէլն է, իսկ Միացեալ Նահանգներ միջազգային ապահովական կայունութեան սպառնացող գլխաւոր մարտահրաւէրը կը նկատուի: «Երբ այս երկու պետութիւններուն անցեալը կը կարդանք,...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Իսլամական Նոր տարուան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 21 օգոստոս 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 22 օգոստոսին:

Միջազգային Դատական Ատեանին Վճիռին Մասին Հակազդեցութիւնները Կը Շարունակուին

Միջազգային Դատական Ատեանին Վճիռին Մասին Հակազդեցութիւնները Կը Շարունակուին

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռին մասին հակազդեցութիւնները կը շարունակուին: Երէկ կէս գիշերին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լա Հէյէն վերադարձաւ Պէյրութ: Ան ուղղուեցաւ Մոհամետ Ամին մզկիթ եւ այցելեց մզկիթին շրջափակը գտնուող իր հօր դամբարանը: Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ Հըզպալլա պէտք է իմանայ, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պատասխանատուն...

Նախագահ Աուն Պըրրիի Հետ Խորհրդակցեցաւ Նոր Վարչապետի Նշանակումին Մասին

Նախագահ Աուն Պըրրիի Հետ Խորհրդակցեցաւ Նոր Վարչապետի Նշանակումին Մասին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նոր վարչապետի նշանակման վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը ընթացքի մէջ են: Կը նախատեսուի, որ 48 ժամ ետք անոնք դարձեալ հանդիպին: Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ...

«Պայթումէն Ետք Պէյրութի Նաւահանգիստը Ցարդ Կրցած Է Ընդունիլ 51 Հազար Թոն Տարբեր Տեսակի Արտադրութիւններ»  Շեշտեց Քայսի

«Պայթումէն Ետք Պէյրութի Նաւահանգիստը Ցարդ Կրցած Է Ընդունիլ 51 Հազար Թոն Տարբեր Տեսակի Արտադրութիւններ» Շեշտեց Քայսի

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները կը շարունակեն մնալ տիրական: Պայթումին գործած աւերները հաւաքելու աշխատանքը կը շարունակուի, մարդասիրական օժանդակութիւնները աղէտի գօտիին մէջ ապրող քաղաքացիներուն հասցնելու առաքելութիւնը կը մնայ ընթացքի մէջ, հակառակ անոր որ մեծ թիւով քաղաքացիներ կը մնան անօթեւան` իրենց բնակարաններուն լրիւ քանդուած ըլլալուն պատճառով: Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ հարցաքննեց Մաքսատան նախկին ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 9758-ի, Մահուան Պարագաներունը`  107-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2854-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 10.347-ի, Մահուան Պարագաներունը` 109-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2928-ի

Առաջին Անգամ Ըլլալով Մէկ Օրուան Մէջ Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 589-ի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 10,347-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 589 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 581-ը` տեղացիներ, իսկ 8-ը` Լիբանան վերադարձած  քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 109 պարագաներ մահացած են, իսկ 2928 ուրիշներ` ապաքինած: Առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառչած Կը Մնանք Արդարութեան` Նոյնիսկ Եթէ Ան Ուշացած Է, Իսկ Հանրապետութեան Նախագահութեան Դէմ Որեւէ Ցեխարձակումի` Ամէն Իմաստով Պիտի Դիմադրենք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ ելեկտրոնային նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը նեցուկ կը կանգնի Ժըմմէյզէի, Էշրեֆիէի, Մար Մխայէլի, Նահըրի եւ Ռըմէյլի իր հարազատներուն, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումին պատճառով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ կրեցին: Հզօր Լիբանան համախմբումը խոստացաւ ճիգ չխնայել աղէտի մատնուած մայրաքաղաք...

Միջազգային Դատական  Ատեանին Վճիռին Համաձայն`   Սելիմ Այյաշ Սպաննած Է Ռաֆիք Հարիրին

Միջազգային Դատական Ատեանին Վճիռին Համաձայն` Սելիմ Այյաշ Սպաննած Է Ռաֆիք Հարիրին

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը երէկ Լա Հէյի մէջ գումարեց զոյգ նիստեր, որոնց աւարտին հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննած է Սելիմ Այյաշը: 15 տարուան հետաքննութենէ, դատավարութիւններէ եւ աշխատանքէ ետք, Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը, որուն համար Լիբանան շուրջ 1 միլիառ տոլարի գումար ներդրեց, մէկուկէս տասնամեակ ետք եկաւ նոյն տեղեկութիւնները կրկնելու եւ նոյն կասկածելիներուն եւ ամբաստանեալներուն մասին խօսելու` հաստատելով,...

Նախագահ Աուն. «Անկարելի Է, Որ Պէյրութի  Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառը  Հըզպալլայի Զէնքերը Ըլլան»

Նախագահ Աուն. «Անկարելի Է, Որ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառը Հըզպալլայի Զէնքերը Ըլլան»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Քուրիերէ տելա սերա» իտալական թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այն վարկածը, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառը Հըզպալլայի զէնքերն են` անկարելի է, «սակայն հետաքննութիւնը...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին  Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Պէյրութի նաւահանգիստը հարուածած հսկայական պայթումէն ետք Քարանթինայի, Ժըմմէյզէի եւ Մար Մխայէլի շրջանները կը մնան աղէտալի վիճակի մէջ: Կամաւոր երիտասարդներ տակաւին կը շարունակեն քանդումին հետեւանքները վերացնել, ինչպէս նաեւ տեղի կ՛ունենայ վնասներու գնահատումի աշխատանք` ընդհանրապէս ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ: Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ չորս ժամուան համար հարցաքննեց Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմը եւ անոր...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 9758-ի, Մահուան Պարագաներունը`  107-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2854-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 9758-ի, Մահուան Պարագաներունը` 107-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2854-ի

21 Օգոստոսէն 7 Սեպտեմբեր Բոլոր Հաստատութիւններն Ու Վաճառատուները Պիտի Մնան Փակ Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 9758-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 421 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 412-ը` տեղացիներ, իսկ 9-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 107 պարագաներ մահացած են, իսկ 2854 ուրիշներ` ապաքինած: Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածումին...

Էրտան. «Հըզպալլա Լիբանանին  Փորձանք Պիտի Բերէ»

Էրտան. «Հըզպալլա Լիբանանին Փորձանք Պիտի Բերէ»

ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտան յայտնեց, որ երէկ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն յանձնեց բողոքագիր մը, որուն մէջ կային գաղտնի սպասարկութիւններու յատուկ տեղեկութիւններ, թէ անցնող շաբաթներուն ընթացքին Հըզպալլայի անդամներ ներթափանցած են Իսրայէլ: Բողոքագիրին կցուեցաւ լուսանկար մը, որուն մէջ Հըզպալլայի անդամներ սահմանային Կապոյտ գիծէն կը ներթափանցեն Իսրայէլ: «Հըզպալլայի ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք կը խախտեն Ապահովական խորհուրդի որոշումները, կրնան Լիբանանին փորձանք բերել», ըսաւ...

Page 470 of 988 1 … 469 470 471 … 988

Արխիւներ