Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

August 19, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստը հարուածած հսկայական պայթումէն ետք Քարանթինայի, Ժըմմէյզէի եւ Մար Մխայէլի շրջանները կը մնան աղէտալի վիճակի մէջ:

Կամաւոր երիտասարդներ տակաւին կը շարունակեն քանդումին հետեւանքները վերացնել, ինչպէս նաեւ տեղի կ՛ունենայ վնասներու գնահատումի աշխատանք` ընդհանրապէս ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ չորս ժամուան համար հարցաքննեց Պէյրութի նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմը եւ անոր դէմ բերման գիր հրապարակեց:

Սուուան այսօր պիտի հարցաքննէ Մաքսատան նախկին ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհին եւ 21 այլ ձերբակալեալներ:

Հետաքննութեան կողքին որոնողական աշխատանքներն ու քրէական փաստահաւաքներուն աշխատանքները շարունակուեցան:

Ներքին ապահովութեան ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ դէպքին վայրէն դուրս բերուած 26 դիակներու եւ մարմնի մնացորդներու ինքնութիւնը ճշդել:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ տակաւին կան երկու անյայտ կորսուածներ, իսկ 5 ընտանիքներ տակաւին իրենց զոհերուն դիակները չեն ճանչցած:

Տարբեր Պետութիւններ Կը Շարունակեն
Օժանդակել Լիբանանին

Երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ յորդանանեան օդանաւ մը, որ լեցուն էր բժշկական պիտոյքներով` իբրեւ օժանդակութիւն Լիբանանին:

Լիբանանեան բանակը ստանձնեց օժանդակութիւնը:

Բանակը յայտնեց, որ ամբողջ օրուան ընթացքին սննդեղէնով, բժշկական պիտոյքով եւ դեղորայքով լեցուն օդանաւեր հասան Մաւրիտանիայէն, Իրլանտայէն, Պուլկարիայէն, Խրուաթիայէն եւ Աւստրիայէն:

Միւս կողմէ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ յայտարարեց, որ իր շրջանային տնօրէններէն Համատ Համամի հանդիպում մը ունեցած է կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպի հետ` ներկայութեամբ նախարարութեան տնօրէն Ֆատի Եարաքի:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ Պէյրութի մէջ նիւթական վնասներ կրած 120 դպրոց վերակառուցէ եւ նորոգէ` ապահովելու համար կրթութիւն ստանալու աշակերտներուն իրաւունքը:

Զարիֆ. «Սէուտական Արաբիա Եւ Միացեալ Նահանգներ
Առանց Նախապայմանի Պէտք Է Հատուցեն Լիբանանին,
Որուն Մայրաքաղաքը Հսկայական Քանդումէ Կը Տառապի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ ամերիկեան եւ սէուտական սխալ քաղաքականութիւններուն պատճառով է, որ Լիբանան այսօր կը գտնուի այս վիճակին մէջ, «հետեւաբար Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ Նահանգներ առանց նախապայմանի պէտք է հատուցեն Լիբանանին, որուն մայրաքաղաքը հսկայական քանդումէ կը տառապի», ըսաւ ան:

Զարիֆ նկատել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի մէջ գործող ծայրայեղական խմբաւորումներու կազմակերպումն ու ամրապնդումը Լիբանանը այս իրավիճակին հասցուց` աւելցնելով, որ կարելի չէ մոռնալ նաեւ, թէ Պէյրութի իրանեան դեսպանատունը պայթեցնողը սէուտցի վարձկան մըն էր:

Ան յայտնեց, որ հաւանականութիւնը մեծ է, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը դիտմամբ գործուած պայթում մը չըլլայ:

Զարիֆ կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն անկախ հետաքննութիւն մը կատարելու` աւելցնելով, որ օտար պետութիւններ եւս կրնան մասնակցիլ այդ հետաքննութիւններուն:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ ներկայացուած` ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկին` Զարիֆ յայտնեց, որ այդ առաջարկը ողջունելի է` ընդգծելով, որ Լիբանան պէտք է կեդրոնանայ վերակառուցելու աշխատանքին վրայ` յետաձգելով քաղաքական բանակցութիւններուն միջամուխ դառնալու կարելիութիւնները:

«Լիբանանի վրայ պարտադրուած ամերիկեան ճնշումները` ոչ քաղաքական կառավարութիւն մը կազմելու առումով, անտրամաբանական են, իսկ լիբանանցիները բարեկարգումներ պիտի կատարեն` Լիբանանը փտածութենէ փրկելու համար: Ան նշեց, որ Հըզպալլա առողջ կառոյց ունի եւ կրնայ օժանդակել բարեկարգումները կատարելու իմաստով, իսկ այդ բարեկարգումները գործադրողներուն ռահվիրան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան պիտի ըլլայ», ըսաւ Զարիֆ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 9758-ի, Մահուան Պարագաներունը` 107-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2854-ի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Անկարելի Է, Որ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Պատճառը Հըզպալլայի Զէնքերը Ըլլան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.