Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Ջանքերը Ընթացք Առած Են

Օգոստոս 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ անցեալ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն 48 ժամ ետք, նոր կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը արդէն իսկ ընթացք առին եւ քննարկումներն ու պատկերացումները սկսան ձեւաւորուիլ:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում` Պըրրիի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի միջեւ` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Տարբեր լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ երկուքուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նոր կազմուելիք կառավարութեան իրագործելիք աշխատանքները, յատկապէս` բարեկարգումները:

Կարգ մը լրատուամիջոցները հաստատեցին, որ նոր վարչապետի ինքնութեան կամ անուան մասին ոչ մէկ խորհրդակցութիւն կատարուած է, իսկ ուրիշներ ընդգծեցին, որ Պըրրի եւ Հըզպալլա կը փափաքին, որ յաջորդ կառավարութիւնը կազմուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ:

Երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Պասիլ կը մերժէ Հարիրին եւ առաջարկած է դատաւորներ Այման Օուէյտաթի եւ Հաթեմ Մատիի թեկնածութիւնը:

Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը անմիջապէս հերքեց այս տեղեկութիւնը` հաստատելով, որ հանդիպումին ընթացքին Պասիլ վարչապետի թեկնածուի անուն չէ առաջադրած:

Ուշ երեկոյեան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ Աշուրայի առիթով սգոյ հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի իր ներդրումը ունենալ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ եւ զօրակցիլ անոր:

Ան մաղթեց, որ կառավարութեան նոր կազմը ըլլայ կարելի եղածին չափ ամբողջական:

Կը նախատեսուի, որ Պըրրի աւելի աշխուժ կերպով հետեւի կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն: Այս շրջագիծին մէջ ան հանդիպում մը պիտի ունենայ Հարիրիի հետ:

Նոր կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները պէտք է իրենց ջանքերը մէկտեղեն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը դուրս բերել իր սուր տագնապէն:

Զախարովա հաստատեց, որ Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի հարցերը լուծելու օրէնքի եւ շինիչ երկխօսութեան հիման վրայ` հեռու մնալով արտաքին միջամտութիւններէ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց  փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հարիրիի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին Պոկտանով քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս Լիբանանին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապներն ու մարտահրաւէրները, որոնք աւելի եւս բարդացան ու լրջացան 4 օգոստոսի պայթումէն ետք:

Հարիրի բարձր գնահատեց Լիբանանին տրամադրուած ռուսական օժանդակութիւնները:

Իր կարգին, Պոկտանով հաստատեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին կայունութեան:

Ժոմպլաթի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Պոկտանով քննարկեց ներլիբանանեան իրադարձութիւններն ու յատկապէս Պէյրութի մէջ տիրող իրավիճակը:

Պոկտանով հաստատեց, որ Ռուսիա միշտ պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ իր կարգին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն` ընդգծելով, որ եթէ տեսնեն, թէ կազմուած է բարեկարգումները գործադրելու ատակ կառավարութիւն մը, ապա պատրաստ են անոր զօրակցելու:

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Նախագահ Արմէն Ռուստամեանը

Յաջորդը

«Նախագահութեանս Օրով Միացեալ Նահանգներ Պիտի Յաղթահարեն Խաւարի Դարաշրջանը» Կը Յայտարարէ Պայտըն

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?