Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գծով Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռին մասին հակազդեցութիւնները կը շարունակուին:
Երէկ կէս գիշերին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լա Հէյէն վերադարձաւ Պէյրութ:
Ան ուղղուեցաւ Մոհամետ Ամին մզկիթ եւ այցելեց մզկիթին շրջափակը գտնուող իր հօր դամբարանը:
Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ Հըզպալլա պէտք է իմանայ, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պատասխանատուն ինքն է:
Ան հաստատեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան նպատակն էր Լիբանանի դիմագիծը փոխել` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա զօրակցեցաւ Միջազգային դատական ատեանի մը կազմութեան, որովհետեւ ան կը հաւատայ արդարութեան:
Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` Հարիրի հաստատեց, որ ինք այդ իմաստով միջազգային հետաքննութիւն կը պահանջէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես հետեւած է Միջազգային դատական ատեանի որոշումին, որ Սելիմ Այյաշը դատապարտած է 14 փետրուարի յարձակումը գործելու եւ Ռաֆիք Հարիրին ու 21 ուրիշներ սպաննելու յանցանքով:
«Կութիերես նկատել տուաւ, որ այս վճիռը կը դրսեւորէ միջազգային ընտանիքին յանձնառութիւնը` արդարութիւն պարտադրելու առումով: Կութիերես բարձր գնահատեց Միջազգային դատական ատեանի դատաւորներու տարիներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ դատարանին անկախութիւնն ու պարկեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` յարգելու դատարանին արձակած վճիռը», ըսաւ Տիւժարիք:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը` Սելիմ Այյաշի դէմ, կը փաստէ, որ Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն է եւ ոչ թէ Լիբանանը կը պաշտպանէ:
«Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է համայնքայնութիւն տարածել, ինչպէս նաեւ Իրանի օրակարգերը պարտադրել` արգելք հանդիսանալով, որ Լիբանան տնտեսապէս առողջանայ», շեշտեց Փոմփէօ:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի համաձայն, Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վճիռը, որուն արձակումը բաւական երկար տեւած է, յուսախաբ ըրած է լիբանանցիները:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան առումով տրուած վճիռը իրականութեան բացայայտում է` հաստատելով, որ պէտք է պատժել Հըզպալլան եւ անոր ահաբեկիչ անդամները, որոնք գործեցին այդ անարգ ոճիրը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մաղթեց, որ Լիբանան ապահով կը մնայ` հաստատելով, որ լիբանանցիները արժանի են վայելելու ապահովական կայունութիւնը, տնտեսական բարգաւաճումն ու ահաբեկչութենէ զերծ մթնոլորտ մը:
Իսրայէլի սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաֆի հաստատեց, որ Հըզպալլա վերածուած է ահաբեկչական բանակի մը, որ կը գործէ Պէյրութի մէջ, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը աչք կը խփէ անոր գործերուն եւ Հըզպալլայի դիմաց կը ջնջէ ինքզինք: