Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 11,580-ի, Մահուան Պարագաներունը` 116-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 3204-ի

Օգոստոս 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ «Քորոնա» ժահրը արագ կերպով կը տարածուի` վարակելով մեծ թիւով քաղաքացիներ, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կը դիմէ երկիրը փակելու միջոցառումին` նուազեցնելու համար վարակումին թափը եւ հակակշռելու համար կացութիւնը:

Ի տես այս ջանքերուն, սեփական մարզի ներկայացուցիչները կը մերժեն այս միջոցառումը` հաստատելով, որ վաճառատուներու փակումը լուծում չէ, այլ` կառավարութեան կողմէ առնուած անխոհեմ քայլ:

Անոնք հաստատեցին, որ սեփական վաճառատուներուն մէջ, եթէ ոմանք փափաքին աշխատանքը շարունակել, ապա իրենց վաճառատուները բաց պիտի պահեն:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հաստատեց, որ օրէնքը պիտի գործադրեն այն հաստատութիւններուն եւ վաճառատուներուն դէմ, որոնք կը մերժեն փակումին յանձնառու մնալ:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 11,580-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 628 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 619-ը` տեղացիներ, իսկ 9-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 116 պարագաներ մահացած են, իսկ 3204 ուրիշներ` ապաքինած:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութիւններուն` դիմադրել կարենալու համար «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ դէպի անորոշութիւն չուղղուելու համար:

Պէյրութի արաբական համալսարանը կատարած իր այցելութեան աւարտին Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի Հանրապետութեան:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ դպրոցական վերամուտը սեպտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ:

Մաժզուպ հաստատեց, որ իրենք պիտի որդեգրեն դասարանային եւ առցանց կրթական մեթոտները` աւելցնելով, որ պայմաններու վատթարացման պարագային պիտի վերադառնան առցանց կրթութեան ձեւերուն:

 

 

Նախորդը

Պէյրութ Տակաւին Իր Աւերակները Կը Մաքրէ, Իսկ Նաւահանգիստը Կը Շարունակէ Աշխատիլ

Յաջորդը

Սկիզբ Առաւ «Օգնիր Եղբօրդ-Լիբանան» Ծրագիրը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?