Շարպել Ուեհպէ Ընդունեց Զասիփքինը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու միջազգային իրադարձութիւնները: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը քննարկելու նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքն ու կեցութիւնը երկարաձգելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առումով ռուսական իշխանութիւններուն ուղարկած օժանդակութիւններուն, ինչպէս...















