Պէյրութի նաւահանգիստի հսկայական պայթումէն 20 օր ետք, պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը ոչ մէկ նորութիւն արձանագրած է:
Պայթումէն տուժած քաղաքացիները կը շարունակեն գաղթականի վիճակին մէջ ապրիլ, իսկ շրջանին մէջ նուազագոյնը բնակարանին դուռն ու պատուհանները նորոգած քաղաքացիները առանց ելեկտրականութեան եւ ջուրի ծառայութեան կը շարունակեն գոյատեւել` նկատի ունենալով, որ պայթումը քանդեց Քարանթինայի, Մար Մխայէլի եւ Ժըմմէյզէի ենթակառոյցները:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով անյայտ կորսուածներուն որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին:
Մերթ ցնցումի, մերթ սուգի եւ մերթ ինքզինք վերագտնելու փորձերու կողքին` աղէտի գօտի նկատուած շրջանին մէջ դժբախտաբար գողութիւնը կը շարունակուի:
Պէյրութի քաղաքապետարանի պահակներու ջոկատը երէկ ձերբակալեց շարք մը գողեր, որոնք աղէտի շրջանէն երկաթ եւ ալիւմինիոմ կը գողնային:
Միւս կողմէ, Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուերինի այսօր պիտի հասնի Լիբանան:
Կուերինի պիտի այցելէ Պէյրութի նաւահանգիստը` ստուգելու համար 4 օգոստոսին նաւահանգիստի պայթումին պատճառով արձանագրուած վնասները:
Նշենք, որ Կուերինիի թելադրանքով երէկ Լիբանան հասաւ իտալական մարտանաւ մը, որ կը փոխադրէր դաշտային հիւանդանոց մը, որ պիտի զետեղուի Հատասի Լիբանանեան համալսարանի համալիրին մէջ:
Իտալական մարտանաւը Լիբանանի համար բերած է նաեւ բժշկական սարքերու օժանդակութիւն:
Իտալական ծովուժի անդամներ նաեւ պիտի օժանդակեն նաւահանգիստին մէջ քանդումը վերացնելու աշխատանքին: Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարութեամբ Լիբանան հասած է նաեւ քիմիական, կենսաբանական եւ հիւլէական շողարձակումի զէնքերու մասնագէտներու խմբակ մը:
Այս օժանդակութիւններուն կողքին լիբանանեան բանակը հաստատեց, որ մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւններ ստացած է նաեւ Եգիպտոսէն, Աւստրալիայէն եւ Պելճիքայէն:
Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ յայտնեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններ առաջարկած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով իրենց բնակարանները կորսնցուցած եւ անօթեւան մնացած քաղաքացիներուն ամսական դրութեամբ գումար տրամադրել, որպէսզի անոնք կարենան այլ բնակարաններ վարձել ու հոն բնակիլ:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի յայտնեց, որ Քուէյթի պետութիւնը պիտի ստանձնէ Պէյրութի նաւահանգիստին ցորենի շտեմարանը վերակառուցել:
Ան աւելցուց, որ քուէյթեան պետութեան կողմէ Լիբանանին կատարուած մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին:
Քանայի շեշտեց, որ Քուէյթ կը բաժնէ լիբանանցիներուն ցաւն ու վիշտը. ան ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումի զոհերուն հարազատներուն եւ ապաքինում` բոլոր վիրաւորներուն:
«Քուէյթ միշտ պիտի զօրակցի Լիբանանին», հաստատեց Քանայի:
Իսկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ շնորհակալութիւն յայտնեց տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի Լիբանան կատարած այցելութեան եւ լիբանանցիներուն ներկայացուցած անոր օժանդակութեան համար:
«Միջազգային ընտանիքը պարտական է Լիբանանին եւ ժամանակը հասած է նիւթական այդ պարտաւորութիւնը կատարելու», հաստատեց Քիւպիչ:



