Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաֆթունի Մէջ Անարգ Ոճիր Մը Կը Խլէ Երեք Հոգիի Կեանքը

August 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուրայի Քաֆթուն գիւղաքաղաքին մէջ ուրբաթ, 21 օգոստոս 2020-ի գիշերը ժամը 10:30-ին, անծանօթներ ինքնաշարժէ մը կրակ բացին երեք քաղաքացիներու դէմ` սպաննելով զանոնք:

Քաֆթունի քաղաքապետարանի ոստիկանը փորձեց կասեցնել գիւղաքաղաք մտնող «Հոնտա աքորտ» տիպի եւ առանց թիւի ինքնաշարժը, որուն մէջ կային չորս զինեալներ: Ինքնաշարժին վարորդը չենթարկուելով ոստիկանին հրահանգին շարունակեց վարել ինքնաշարժը, մինչ ինքնաշարժին մէջ գտնուող զինեալներ կրակ բացին եւ սպաննեցին երեք հոգի, որոնք են` Ալա Ֆարես (Քաֆթունի քաղաքապետին զաւակը), Ֆատի Սարգիս եւ Ժորժ Սարգիս:

Ապահովական կառոյցները ներկայացնող ուժեր ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ փորձեցին հետապնդել յանցագործները, որոնք իրենց ինքնաշարժը ձգեցին սպանութեան վայրին մէջ ու փախուստ տուին:

Օր մը ետք, հիւսիսային Լիբանանի աւագ քննիչ դատախազ Սամարանտա Նասսար ուղղուեցաւ Քաֆթուն եւ անձամբ հետեւեցաւ նախնական հետաքննութիւններուն ու կարգ մը վկայութիւններու:

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ առաւօտեան Պըտտաուիի պաղեստինեան գաղթակայանի զինեալ ուժերու միացեալ խմբակին կողմէ ստանձնեց Քաֆթունի անարգ ոճիրը գործող յանցագործներէն Իհապ Շահինը:

Ղովմի կուսակցութիւնը գուժեց մահը իր երեք անդամներուն, որոնց վերջին հրաժեշտը կատարուեցաւ երէկ գիւղաքաղաքի մարզադաշտին մէջ:

Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երեք նահատակներուն արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի, ինչ ալ ըլլան պատճառներն ու պայմանները:

«Այս յարձակումը կանխամտածուած է եւ կը միտի գիւղաքաղաքին ապահովական անդորրը խանգարել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Քուրայի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Քարիմ Ապու Քարիմ խստիւ դատապարտեց Քաֆթունի մէջ գործուած անարգ ոճիրը` պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններէն պահանջելով շրջանին մէջ ապահովական կէտեր հաստատել:

Քաֆթունի քաղաքապետ Նախլէ Ֆարես յայտնեց, որ նահատակները գիւղաքաղաքին մէջ կը գործէին իբրեւ քաղաքապետարանի ոստիկաններ եւ ոչ թէ իբրեւ Ղովմի կուսակցութեան անդամներ:

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Ոչ Մէկ Նորութիւն Արձանագրած Է

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ. «Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Է Ներխուժէ Բնակուած Թաղերուն Մէջ Թաքցուած Զինամթերքի Եւ Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոցները» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.