Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պըրրիի Հետ Խորհրդակցեցաւ Նոր Վարչապետի Նշանակումին Մասին

Օգոստոս 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նոր վարչապետի նշանակման վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը ընթացքի մէջ են:

Կը նախատեսուի, որ 48 ժամ ետք անոնք դարձեալ հանդիպին:

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը` ընկերակցութեամբ իր նոր օգնականին` Նաժաթ Ռաշիտիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասներուն իմաստով Լիբանանին օժանդակութիւն ներկայացնելու կարելիութիւնները:

Կրանտի Այցելեց Նախագահ Աունի
Եւ Հրաժարեալ Վարչապետ Տիապի

Նշենք, որ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի երէկ այցելեց նախագահ Աունի:

Քննարկուեցան գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարի իրաւասութիւններն ու Լիբանանի մատուցուելիք հաւանական օժանդակութիւնները, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները:

Կրանտի խոստացաւ Լիբանանեան Կարմիր խաչին հետ գործակցաբար մշակել ծրագիր մը, որուն հիման վրայ 100 հազար լիբանանցիներու պատսպարան կարելի ըլլայ ապահովել:

Կրանտի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Կրանտիի ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի գրասենեակի տնօրէն Այման Ղրայպէ, ինչպէս նաեւ նախարարի պաշտօնակատարներ Զէյնա Աքր, Ռամզի Մշարրաֆիէ, Համատ Հասան, Լամիա Եամմին եւ Շարպել Ուեհպէ, ինչպէս նաեւ Տիապի գրասենեակի տնօրէն, դատաւոր Խալետ Աքարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստին պատճառած մարդկային եւ նիւթական վնասները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հիւանդանոցներուն կարիքները` նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին վտանգաւոր կերպով տարածումը:

Նախորդը

«Պայթումէն Ետք Պէյրութի Նաւահանգիստը Ցարդ Կրցած Է Ընդունիլ 51 Հազար Թոն Տարբեր Տեսակի Արտադրութիւններ» Շեշտեց Քայսի

Յաջորդը

Միջազգային Դատական Ատեանին Վճիռին Մասին Հակազդեցութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?