Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 10.347-ի, Մահուան Պարագաներունը` 109-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2928-ի

Օգոստոս 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջին Անգամ Ըլլալով Մէկ Օրուան Մէջ
Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 589-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 10,347-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 589 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 581-ը` տեղացիներ, իսկ 8-ը` Լիբանան վերադարձած  քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 109 պարագաներ մահացած են, իսկ 2928 ուրիշներ` ապաքինած:

Առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին հիւանդանոցները 80 առ հարիւրով լեցուած են, եւ կը գտնուինք շատ վտանգաւոր կացութեան դիմաց:

Արաժի յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի դասաւորումով երեք դաշտային հիւանդանոցներ պիտի ուղարկուին Թրիփոլի, հարաւային Լիբանան եւ Պեքաա:

Իր կարգին, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան հասած է համաճարակի ամէնէն դժուար փուլին` հաստատելով, որ հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ միայն 20 անկողին մնացած է:

«Քորոնա»-ի համաճարակի արագ տարածումին պատճառով ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան տուած որոշումը կը սկսի գործադրուիլ վաղը` ուրբաթ, 21 օգոստոս 2020-էն մինչեւ 7 սեպտեմբեր 2020: Որոշուած է բոլոր հաստատութիւններն ու վաճառատուները փակ պահել եւ երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 կրակմարի դրութիւն հաստատել:

Լիբանանի բոլոր նահանգներուն մէջ, ամէն տեսակի վաճառատուները, շուկաները, ծովափները, լողաւազանները, մարզասրահները, մարզադաշտերն ու խաղավայրերը պիտի մնան փակ:

Ինչպէս կարգ մը այլ հաստատութիւններ, Պէյրութի միջազգային օդակայանը իր աշխատանքը սովորական կերպով պիտի շարունակէ:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառչած Կը Մնանք Արդարութեան` Նոյնիսկ Եթէ Ան Ուշացած Է, Իսկ Հանրապետութեան Նախագահութեան Դէմ Որեւէ Ցեխարձակումի` Ամէն Իմաստով Պիտի Դիմադրենք»

Յաջորդը

«Պայթումէն Ետք Պէյրութի Նաւահանգիստը Ցարդ Կրցած Է Ընդունիլ 51 Հազար Թոն Տարբեր Տեսակի Արտադրութիւններ» Շեշտեց Քայսի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?