Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կազմելու Փրկութեան Կառավարութիւն Մը. Բագրատունի. «Պիտի Մասնակցինք Կառավարութեան»

Սեպտեմբեր 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ  հանդիպում մը ունեցան նորանշանակ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի հետ:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքին` վարչապետ Ատիպի հետ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները արդիւնաւէտ էին` հաստատելով, որ անոնք վարչապետին մօտ շօշափած են կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու յոյսն ու պատրաստակամութիւնը:

Ան յայտնեց նաեւ, որ պէտք չէ աճապարել, որպէսզի աւելի ուշ ծուղակներու մէջ իյնալու հարցէն կարելի ըլլայ խուսափիլ:

«Իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն, մնայուն կերպով դիւրացուցած ենք կառավարութեան կազմութիւնը եւ ոչ մէկ անգամ հարց ստեղծած ենք քաղաքական կամ կառավարութեան կազմութեան որեւէ թղթածրարի առումով: Բոլորը լաւ կը յիշեն, թէ նախորդ կառավարութեան կազմութիւնը մենք դիւրացուցինք` մետասաներորդ պահուն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերած է, ինչպէս նաեւ պահանջած փրկութեան կառավարութիւն մը, որ կ՛ըլլայ ներդաշնակ, կ՛ունենայ ատակ նախարարներ, ինչպէս նաեւ կը ստանձնէ պատասխանատուութիւն:

«Մենք նեցուկ կը կանգնինք վարչապետ Ատիպի եւ այս կեցուածքով մենք նեցուկ կանգնած կ՛ըլլանք վնասուած ու տուժած քաղաքացիներուն: Պէտք չէ նախարարութիւններու տեսակին եւ անուններուն երկար ժամանակ տրամադրել: Պէտք չէ խօսինք ուժային, ծառայութիւններու, երրորդ եւ չորրորդ կարգի նախարարութիւններու, համայնքներու եւ յարանուանութիւններու կամ կուսակցութիւններու յատուկ նախարարութիւններու մասին: Այսօր մենք կը գտնուինք այնպիսի կացութեան մը մէջ, ուր երկրորդական ու երրորդական հարցերու մասին մտմտալու ժամանակ չունինք: Կը գտնուինք այնպիսի փուլի մը մէջ, որուն ընթացքին պէտք է աղէտէն եւ ողբերգութենէն դուրս գալ ու երիտասարդներուն, մեր զաւակներուն ու թոռներուն յոյս ներշնչել, որպէսզի անոնք դէպի դեսպանատուներ չուղղուին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետը ինք կը ճշդէ կառավարութեան տեսակը, եթէ քաղաքական մասնակցութեան կարիք կայ, այդ ձեւով կը մասնակցինք, եթէ ոչ քաղաքական մասնակցութիւն է, ապա ունինք այր թէ կին անհատներ, որոնք ատակ կերպով կրնան պաշտօններ ստանձնել:

Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը 15 օրէն աւելի շուտ կարելի ըլլայ կազմել:

Պատասխանելով թղթակիցներուն կողմէ ուղղուած հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան 3 կամ 4 ամսուան կեանքին մասին լուրերը պէտք է դուրս բերուին շրջանառութենէ, որովհետեւ կառավարութիւնը ժողովուրդին վստահութեան կ՛արժանանայ խորհրդարանին ճամբով: «Կարելի չէ առաջին օրէն ըսել, որ այս կառավարութիւնը 4 ամսուան կառավարութիւն է` գիտնալով հանդերձ, որ նախարարը իր նախարարութիւնը ստանձնելու համար մէկ ամսուան ժամանակ կ՛ուզէ: Մենք վստահ ենք, որ վարչապետ Ատիպ կառավարութիւնը պիտի կազմէ եւ ստանայ ժողովուրդին վստահութեան քուէն», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ կարելի չէ նախարարի անուն տալ, երբ տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ նախարարութիւն պիտի ստանձնենք:

 

Նախորդը

Վարչապետ Ատիպ Կատարեց Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները

Յաջորդը

Հայաստան Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Կողմէ ՕԹԱՆ-ի Խաղաղապահներու Գործունէութեան Խոչընդոտումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?