Լիբանանեան

Միւֆթի Տըրիան. «Լիբանան Հայրենիքը Չի Կրնար Ապահովական Ապակայունութեամբ Եւ Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Տարածուած Զէնքով Գոյատեւել»

Միւֆթի Տըրիան. «Լիբանան Հայրենիքը Չի Կրնար Ապահովական Ապակայունութեամբ Եւ Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Տարածուած Զէնքով Գոյատեւել»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆահմի յայտնեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն միջեւ արձանագրուող զինեալ բախումները, որոնց շարքին նաեւ նախանցեալ երեկոյեան Թարիք Ժտիտէի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները մերժելի են ու դատապարտելի: Ֆահմի հաստատեց, որ ապահովական ուժերը իրենց կարողութեան սահմաններուն...

Ժոմպլաթ Հանիէի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Ժոմպլաթ Հանիէի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայէլ Հանիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան հարցին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի ճակատագիրը վտանգուած է, եթէ ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի չըլլայ կառավարութիւն կազմել:  

Սալամէ. «Չեմ Մտածեր Հրաժարելու Մասին, Իսկ Տագնապէն Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն Մը Ունիմ»

Սալամէ. «Չեմ Մտածեր Հրաժարելու Մասին, Իսկ Տագնապէն Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն Մը Ունիմ»

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ «Սի. Էն. Պի. Սի.» ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Կը ցաւիմ յուսախաբ ընելու անոնց, որոնք հրաժարելուս հաւանականութեան մասին տարաձայնութիւններ կը տարածեն: Չեմ մտածեր հրաժարելու մասին, իսկ տագնապէն դուրս գալու ռազմավարութիւն մը ունիմ»: Սալամէ հաստատեց, որ լիբանանցիները ամէն ինչ ըսելու իրաւունք ունին, սակայն չեն կրնար ըսել, թէ Կեդրոնական դրամատունը պատասխանատու է երկրին մէջ...

Կիպրական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Այցելէ Լիբանան

Կիպրական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Այցելէ Լիբանան

Կիպրոսի ներքին գործոց նախարար Նիքոս Նորիս յայտնեց, որ կիպրական իշխանութիւնները 48 ժամէն Պէյրութ պիտի գործուղեն կիպրական պատուիրակութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ քննարկել Լիբանանէն ապօրինի կերպով Կիպրոս ուղղուող գաղթականներուն հոսքը եւ լաւագոյն միջոցներով կանխարգիլել այդ երեւոյթը: Նորիս հաստատեց, որ վերջին քանի մը օրերուն Կիպրոս հասած են աւելի քան 5 նաւեր, որոնք 150 ապօրինի գաղթակայան փոխադրած են: Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին...

«Նախագահ Աունի Իշխանութիւնը Ներքին Եւ Արտաքին Շրջափակումի Ենթակայ Է. Այդ Իշխանութենէն Գոհ Չեմ, Որովհետեւ Չկրցանք Երազը Իրականացնել»  Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Նախագահ Աունի Իշխանութիւնը Ներքին Եւ Արտաքին Շրջափակումի Ենթակայ Է. Այդ Իշխանութենէն Գոհ Չեմ, Որովհետեւ Չկրցանք Երազը Իրականացնել» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի պահուն, ինք ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան մը հետ կը գտնուէր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ: «Մեր հանդիպումը աւարտեցաւ ժամը 6:00-ին, սակայն Հարիրիի փափաքով աւելի երկար մնացինք` քննարկումները շարունակելու: Երբ պայթումը պատահեցաւ,  իր մօտ էինք: Աւելի ուշ փորձեցինք վերադառնալ Պուրճ Համուտ,...

Լը Տըրիան. «ՄԱԿ Եւ Վատիկան Կը Զօրակցին  Լիբանանի Մէջ Մաքրոնի Ի Գործ Դրած Ճիգերուն»

Լը Տըրիան. «ՄԱԿ Եւ Վատիկան Կը Զօրակցին Լիբանանի Մէջ Մաքրոնի Ի Գործ Դրած Ճիգերուն»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու կեցուածքը արդիւնք է երկկողմանի մտերմութեան եւ ամրապնդուած յարաբերութիւններուն, որոնք տարբեր մակարդակներու վրայ կը գտնուին` մշակութային, ընկերային, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան, այլ մարզերու, ինչպէս նաեւ անձնական յարաբերութիւններու վերաբերող: Լը Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ ընկերային մարզերը փուլ կու գան, եւ երկիրը...

lebanese-army-logo

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Հետեւորդ Բջիջի Մը Անդամները, Որոնք Լիբանանի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութեան Մը Կը Պատրաստուէին

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի հետեւորդ բջիջի մը անդամները, որոնք Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութեան մը կը պատրաստուէին: Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ ահաբեկչական այդ բջիջին պատասխանատուն` էմիրը, լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ Խալետ Թիլաուին է, որուն ինքնաշարժը օգտագործուած էր 21 օգոստոս 2020-ին Քաֆթունի անարգ ոճիրը գործելու ընթացքին: Լիբանանեան բանակի այս...

Ժըմմէյզէի Փլած Շէնքին Տակ Ողջ Մարդ Գտնելու  Նշոյլներ Ու Յոյսեր Չկան, Իսկ Պէյրութի Նաւահանգիստի  Պայթումին Մասին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Ժըմմէյզէի Փլած Շէնքին Տակ Ողջ Մարդ Գտնելու Նշոյլներ Ու Յոյսեր Չկան, Իսկ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Մասին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան Ժըմմէյզէի մէջ փուլ եկած շէնքի աւերակներուն մէջ որոնողական աշխատանքները շարունակող չիլիական խումբի ղեկավարը յայտնեց, որ այդ աւերակներուն տակէն ողջ մարդու դուրս գալու բոլոր յոյսերը վերացած են, եւ այդ իմաստով ոչ մէկ նշոյլ մնացած է: Ան ընդգծեց, որ ամբողջութեամբ քանդուած շէնքին փլատակներուն 95 առ հարիւրը կրցած են վերացնել, սակայն առանց ողջ մարդ մը կամ դիակ մը...

Հանիէ Այցելեց Սէյիտ Նասրալլայի  Եւ Միւֆթի Տըրիանի

Հանիէ Այցելեց Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէ, որ կը գտնուի Պէյրութ, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան, լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական ու զինուորական ընդհանուր իրադարձութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ Պաղեստինեան դատին դիմագրաւած վտանգները, ինչպէս նաեւ «Դարու գործարք»-ն ու իսրայէլեան թշնամի գոյացութեան հետ կարգ մը արաբական երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացումը: Հանիէ եւ սէյիտ Նասրալլա ընդգծեցին Դիմադրութեան...

Շինքըր. «Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի Հետ  Համաձայն Են` Լիբանանի Մէջ  Բարեկարգումները Գործադրելու Հարցով»

Շինքըր. «Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի Հետ Համաձայն Են` Լիբանանի Մէջ Բարեկարգումները Գործադրելու Հարցով»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Ուին Տէյթընի եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ռապըրթ Մէյնի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարներու ամրապնդումը: Լիբանան այցելութեան առիթով Շինքըր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 20.426-ի, Մահուան Պարագաներունը`  191-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 6139-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 20.426-ի, Մահուան Պարագաներունը` 191-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 6139-ի

Ապու Շարաֆ. «Հարիւրաւոր Բժիշկներ Կ՛արտագաղթեն» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 20.426-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 415 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 396-ը տեղացիներ, իսկ 19-ը Լիբանան ժամանած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 191 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 6139 ուրիշներ` ապաքինած: Միւս կողմէ, Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի հիւանդանոցները տագնապալի վիճակի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպին կազմելու սեղմ կառավարութիւն մը: Ան նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը, որ կարիքը ունի այնպիսի կառավարութեան, ուր նախարարութիւնները անձնական շահերուն չեն ծառայեցուիր: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրելու չէզոք քաղաքականութեան կեցուածքը: ՀԱՄԱՅՆ Արեւելքի եւ Անտիոքի...

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակին եւ շրջանի կացութեան հետ կապուած հարցեր: Նախ եւ առաջ քննարկումի նիւթ դարձան նաւահանգիստի պայթումէն ետք հասած տեղական թէ միջազգային մարդասիրական օժանդակութեանց խնդիրը, եւ ոչ կառավարական կազմակերպութեանց աշխատելաձեւը: Նշուեցաւ, որ գնահատելով հանդերձ ընդհանրական ցաւին ի տես...

Նաւահանգիստի Պայթումէն Ամիս Մը Ետք Պէյրութ  Տակաւին Կը Տնքայ Հսկայական Աւերին Ազդեցութեան Տակ

Նաւահանգիստի Պայթումէն Ամիս Մը Ետք Պէյրութ Տակաւին Կը Տնքայ Հսկայական Աւերին Ազդեցութեան Տակ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ամիս մը ետք լիբանանցիները տակաւին կը տնքան այդ պայթումին յառաջացուցած մարդկային վնասներուն եւ հսկայական քանդումին ազդեցութեան տակ: 4 օգոստոսի պայթումին հետեւանքները ծանր են, խոր, յուզիչ եւ ցնցող: Լիբանանցիները երէկ երեկոյեան ժամը 6:07-ին Պէյրութի նաւահանգիստին կից գտնուող արտերկրի լիբանանցիի արձանին մօտ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին պայթումի 190 զոհերուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ աղօթեցին անոնց հոգիներուն եւ վիրաւորներուն բուժման...

Զօր. Աուն. «Մենք Այս Կամ Այն  Քաղաքական Ուժին Չենք Զօրակցիր.  Մեր Առաջնահերթութիւնն Է Պաշտպանել  Քաղաքացիական Անվտանգութիւնն  Ու Ապահովական Կայունութիւնը»

Զօր. Աուն. «Մենք Այս Կամ Այն Քաղաքական Ուժին Չենք Զօրակցիր. Մեր Առաջնահերթութիւնն Է Պաշտպանել Քաղաքացիական Անվտանգութիւնն Ու Ապահովական Կայունութիւնը»

ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն դէմ լիբանանեան բանակին մղած «Բարձունքներու արշալոյս»-ը ճակատամարտի յաղթանակին Գ. տարեդարձին առիթով, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղուեցաւ Ռաս Պաալպեք, ուր բացումը կատարեց այդ ճակատամարտին ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանին: Այս առիթով զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի այս տարածքը ազատագրուեցաւ ժողովուրդին կամքով եւ բանակին զոհողութիւններով: «Նահատակ բանակայիններուն թափած արիւնը արդիւնաւորուեցաւ արժանապատուութեամբ եւ ազատութեամբ: 30 օգոստոս 2017-ին...

Ապպաս Իպրահիմ Հանիէի Հետ Քննարկեց  Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն  Ապահովութիւնը

Ապպաս Իպրահիմ Հանիէի Հետ Քննարկեց Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Ապահովութիւնը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններուն կացութիւնն ու ապահովութիւնը: Հանիէ եւ անոր ընկերակցող պաղեստինեան պատուիրակութիւնը Ապպաս Իպրահիմի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեցին փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը` պաշտպանելու համար պաղեստինեան գաղթակայաններուն ապահովութիւնը:  

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 5951-ի, Մահուան Պարագաներունը` 70-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2042-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 19.480-ի, Մահուան Պարագաներունը` 183-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 5592-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 19.480-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 527 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 525-ը` տեղացիներ, իսկ 2-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 183 պարագաներ մահացած են, իսկ 5592 ուրիշներ` ապաքինած:  

Նախագահ Աուն Ատիպի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Նախագահ Աուն Ատիպի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները: Հանդիպումէն ետք Ատիպ յայտնեց, որ իր համոզումն ու փափաքն է, որ կազմէ միասին գործող ներդաշնակ խումբ մը, մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որուն առաքելութիւնը ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին բարեկարգումները գործադրել: Ատիպ յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է նախանցեալ...

Նախագահ Աուն Ռամփլինկի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Նախագահ Աուն Ռամփլինկի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ռամփլինկին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Բրիտանիոյ կողմէ Լիբանանին մատուցուած օժանդակութիւններուն համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան աշխատանքները, յատկապէս...

Կեանքի Նշոյլ` Մար Մխայելի Փլատակներուն Տակ

Կեանքի Նշոյլ` Մար Մխայելի Փլատակներուն Տակ

Երէկ` Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն շուրջ մէկ ամիս ետք, «սքենըր»-ի սարք մը ցոյց տուաւ, որ Մար Մխայելի շրջանին մէջ գտնուող քանդուած տուներէն մէկուն փլատակներուն տակ մարդ մը կայ: Միաժամանակ, չիլիական փրկարար խումբին ընկերակցող շունը ցոյց տուաւ նշաններ, որ անձը տակաւին ողջ է: Անմիջապէս սկսաւ աշխատանքը` փլատակները վերցնելու եւ գտնելու այդ անձը: Զուգահեռ, Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ նշեց, որ չիլիական փրկարար...

Page 466 of 988 1 … 465 466 467 … 988

Արխիւներ