Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 18,365-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 598 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 588-ը տեղացիներ, իսկ 10-ը` Լիբանան ժամանած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 598 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 5195 ուրիշներ` ապաքինած: