Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Գոյութեան Ծանր Վտանգ Կը Սպառնայ, Եւ Զայն Առանձին Պէտք Չէ Ձգել» Շեշտեց Ֆրանչիկոս Պապ

Սեպտեմբեր 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանչիսկոս պապը երէկ, վեց ամսուան մեկուսացումէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով սահմանափակ թիւով այցելուներու հետ հանդիպեցաւ Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ, երբ անոր մօտեցաւ լիբանանցի միսիոնար հայր Ժորժ Պրէյտին, որ իր ձեռքին ունէր լիբանանեան դրօշակ մը:

Ֆրանչիսկոս պապը մօտեցաւ երիտասարդ հոգեւորականին եւ համբուրեց դրօշը` ընդգծելով, որ պէտք չէ Լիբանանը լքել:

Ապա ան խնդրեց հայր Պրյէտիէն` Լիբանանի դրօշակով բարձրանալ իր մօտ եւ կոչ ուղղեց ամբողջ աշխարհի հաւատացեալներուն, որ ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2020-ը նկատեն Լիբանանի համար աղօթելու համաշխարհային օր:

Պապը նշեց, որ ինք կը մտածէ այդ օրը Լիբանան գործուղել Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փեթրօ Փարոլինը:

«Լիբանանի գոյութեան ծանր վտանգ կը սպառնայ, եւ զայն առանձին պէտք չէ ձգել: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ամիս մը ետք սիրելի Լիբանանն ու ճնշումներու ենթարկուող անոր ժողովուրդը կը մնան մտքիս մէջ», հաստատեց Ֆրանչիսկոս պապը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան ազատութեան պատգամ է եւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի մէջ բազմազանութեան օրինակելի տիպար: «Բոլոր երկիրներուն բարիքին համար մենք չենք կրնար արտօնել, որ այս աւանդը անհետանայ», ընդգծեց ան:

Պապը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` իրենց մէջ յոյսը վառ պահելու եւ իրենց էութեան մէջ գտնելու վերսկսելու ներուժն ու զօրութիւնը: Իր խօսքը ուղղելով քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ հոգեւորականներուն` Պապը անհրաժեշտ նկատեց, որ անոնք յանձնառու մնան եւ անկեղծութեամբ ու թափանցիկութեամբ գործեն` Լիբանանի վերաշինութեան ու վերակառուցման համար` մէկդի դնելով կուսակցական իրենց շահերը:

Պապը կոչ ուղղեց Միջազգային ընտանիքին` զօրակցութիւն ցուցաբերելու Լիբանանին եւ օժանդակելու անոր, որպէսզի ան կարենայ դուրս գալ զինք խեղդող վտանգաւոր տագնապէն, առանց մաս կազմելու շրջանային ճգնաժամերուն:

Պապը իր խօսքը եզրափակեց լիբանանցիներուն ուղղելով հետեւեալ կոչը. «Ձեր տուներն ու կտակը մի՛ լքէք: Մի՛ արտօնէք, որ գեղեցիկ եւ բարգաւաճ Լիբանան մը կերտելու ապագայի երազները խամրին»:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Չէզոքութիւնը Քաղաքական Կայունութեան Երաշխիքն Է Եւ Տնտեսական Աճի Աղբիւրը»

Յաջորդը

Հանիէ. «Հզօր Եւ Միասնական Լիբանանը Պաղեստինեան Հարցի Լուծման Ռազմավարական Նեցուկն Է, Իսկ Պաղեստինցիները Կը Մերժեն Բնակեցումն Ու Բռնագաղթը»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?