Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր երէկ յայտնեց, որ Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթի երեքշաբթի, 8 սեպտեմբեր 2020-ին պիտի այցելէ Լիբանան:
Իր կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Քոնթի հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական պատասխանատուներուն հետ:
Տահեր յայտնեց, որ ինք կը շարունակէ տարբեր նախարարութիւններու եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները շարունակել` Լիբանանի վերաշինութեան եւ վերակառուցման համար իտալական օժանդակութիւն ապահովելու: