Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Ատիպ Կատարեց Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւնները

Սեպտեմբեր 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նորանշանակ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ երէկ Այն Թինէի մէջ կատարեց կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց մասնակցեցան երեսփոխանական պլոքներն ու անկախ երեսփոխանները:

Խորհրդակցութիւնները իւրայատուկ էին այն իրականութեան համար, որ, հակառակ աւանդութեան, երեսփոխանական ոչ մէկ պլոք նախարարութեան նախընտրութեան մասին խօսեցաւ, նախապայմաններու հարցեր ստեղծեց եւ կամ որոշ նախարարութեան նկատմամբ կառչածութիւն ցուցաբերեց:

Հետաքրքրական էր քաղաքական ուժերուն դրսեւորած ամբողջական գործակցութեան մօտեցումը:

Ատիպ խորհրդակցութիւններուն սկսաւ հանդիպում ունենալով նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ պէտք է կառչած մնալ սահմանադրութեան եւ արագօրէն կազմել կառավարութիւնը:

Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ սեղմ կառավարութիւն մը` մասնագէտներէ բաղկացած եւ հեռու անձնական շահերէ:

Ատիպ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որ հաստատեց, թէ ամբողջական կերպով պիտի զօրակցին նորակազմ կառավարութեան բարեկարգումներու գործադրութեան առումով:

Ան խոստացաւ ճիգ չխնայել Լիբանանը մղելու դէպի քաղաքացիական պետութեան համակարգ:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումները գործադրէ` առաջին հերթին ելեկտրականութեան տագնապի լուծումը:

Խալիլ նշեց, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մաղթած է, որ վարչապետը նուազ քան 15 օրուան ընթացքին կազմէ կառավարութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը վարչապետ Ատիպի հետ հանդիպելէ ետք հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի վարչապետին եւ կոչ կ՛ուղղէ` կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն:

Պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի մաղթեց, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի, որովհետեւ Լիբանան երկար սպասելու ժամանակ չունի:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ պահանջեց կազմել ներդաշնակ եւ լիբանանցիներուն կարիքներուն քաջածանօթ կառավարութիւն մը:

Ռաատ նշեց, որ վարչապետ Ատիպի յայտնած են, թէ իրենք պատրաստ են ամէն իմաստով գործակցելու, որովհետեւ կը գիտակցին այս փուլի դժուարութեան եւ զգայունութեան:

Ազգային համախմբում պլոքին անունով երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ պահանջեց կազմել ներդաշնակ եւ մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ բարեկարգումներ կը կատարէ` վերահաստատելով Լիբանանի հանդէպ լիբանանցիներուն եւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անունով երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ պլոքը Ատիպէն պահանջեց արագ կերպով կազմել կառավարութիւնը եւ գործադրել բարեկարգումի ֆրանսական նախաձեռնութիւնը:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքին անունով երեսփոխան Ժորժ Ատուան ընդգծեց, թէ իրենք կառավարութեան մաս պիտի չկազմեն, սակայն պիտի աշխատին, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ մասնագէտներու կառավարութիւն:

Անկախ կեդրոնի պլոքը ինքզինք դրաւ Ատիպի տրամադրութեան տակ` հաստատելով, որ կը պահանջեն ներդաշնակ եւ արդիւնաւէտ կառավարութիւն մը:

Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը պահանջեց կազմել բարեկարգումները գործադրող կառավարութիւն մը:

Երեսփոխան Ասաատ Հարտան հաստատեց, որ բարեկարգումը կը սկսի քաղաքական բարեկարգումով եւ պահանջեց մշակել ընտրական նոր օրէնք մը:

Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը ընդգծեց, թէ իրենք կը փափաքին կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը, որ կը գործէ ժողովուրդին շահերուն ի խնդիր, կը պայքարի փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ տնտեսական տագնապի լուծման համար:

Պլոքը ընդգծեց, որ իրեն համար կառավարութեան մաս կազմելը այնքան կարեւոր չէ, որքան Լիբանանի փրկութիւնը:

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ատիպի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք համաձայն են ամէն բանի, որուն շուրջ կը համաձայնին բոլորը, իսկ նպատակը` արդիւնաբեր եւ նուաճումներ իրագործող կառավարութեան մը կազմութիւնն է:

Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան ընդգծեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան արագ կերպով կառավարութեան կազմութեան:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանը տնտեսական եւ ընկերային իր դժուար կացութենէն փրկել:

Երեսփոխան Էտի Տեմիրճեան կոչ ուղղեց` կազմելու կառավարութիւն մը, որ յստակ կեցուածք կ՛որդեգրէ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները պահպանելու:

Երեսփոխան Ուսամա Սաատ Ատիպի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կատարուածը կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւն չէ, այլ` ծանօթացման արարողակարգային հանդիպում:

Երեսփոխան Միշել Տահեր պահանջեց կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ կը փրկէ Լիբանանի տնտեսութիւնը:

Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի զօրակցութիւն յայտնեց անկախ անձնաւորութիւններէ կազմուած սեղմ կառավարական կազմի մը:

Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ նախընտրելի է կազմել անկախներէ ու մասնագէտներէ բաղկացած  սեղմ կառավարութիւն մը:

Երեսփոխան Ժիհատ Սամատ պահանջեց Տըննիէն ներկայացնել կառավարութեան մէջ` ընդգծելով, որ Տըննիէի մէջ կան պարկեշտ եւ ատակ անձնաւորութիւններ:

Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ Ատիպի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ֆրանսական հոգատարութիւնը իւրաքանչիւր քայլափոխի չի կրնար ներկայութիւն ըլլալ` աւելցնելով, որ բարեկարգումի ֆրանսական նախաձեռնութիւնը հաշուետուութեան կանչելու որեւէ քայլ չի բովանդակեր:

Խորհրդակցութիւնները աւարտելէ ետք վարչապետ Ատիպ յայտնեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին լսած է այնքան կարծիքներ, կեցուածքներ ու տեսակէտներ, որոնք կորով կը ներշնչեն` կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու առումով:

Ատիպ նշեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ հասարակ յայտարարները շատ աւելի են, քան` տարակարծութիւնները:

Ատիպ նշեց, որ քաղաքական կեցուածքները կեդրոնացան քաղաքացիական անվտանգութեան, տնտեսական եւ ընկերային տագնապին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, էական բարեկարգումներուն եւ այլ հարցերու վրայ:

«Այսօր գործելու ժամանակն է եւ ոչ թէ խօսելու: Կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ մասնագէտներու կառավարութիւն, որ կը լուծէ մարտահրաւէրները եւ կը վերահաստատէ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային ու շրջանային ընտանիքներուն վստահութիւնը», ընդգծեց Ատիպ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանին` Մաքրոնի Նուիրուածութեան Հանդէպ Պէտք Է Լիբանանեան Վճռակամութիւն Ցուցաբերենք»

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ` Կազմելու Փրկութեան Կառավարութիւն Մը. Բագրատունի. «Պիտի Մասնակցինք Կառավարութեան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?