Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծն Լիբանանի Զայրոյթը» Խորագիրով Բազմամարդ Ցոյցը Դարձեալ Վերջ Գտաւ Ապահովութեան Ուժերուն Հետ Բուռն Բախումներով

Սեպտեմբեր 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեծն Լիբանանի զայրոյթը» խորագիրին ներքեւ, երէկ յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն սկսեալ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց` Մեծն Լիբանանի պետութեան յայտարարութեան 100-ամեակին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան այցելութեան առիթով:

Ցուցարարները, Մաքրոնին ուղղուած իրենց կանչերուն ընդմէջէն, անկէ պահանջեցին օգնութիւն` ձերբազատելու համար փտած քաղաքական վերնախաւէն: Ցուցարարներէն ոմանք պահանջեցին իրենց առջեւ բանալ գաղթի դռները:

Լիբանանի տարբեր շրջաններէն մեծաթիւ ցուցարարները Նահատակաց հրապարակ համախմբուեցան` պահանջելու համար իւրացուած գումարներու վերադարձը, ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, մասնագէտներու կառավարութեան կազմութիւնը եւ փտածները հաշուետուութեան կանչելը:

Ցուցարարներու համախմբուելէն կարճ ժամանակ ետք սկսաւ լարուածութիւնը խորհրդարան տանող ճամբաներուն վրայ: Բողոքող ցուցարարներ ջարդեցին Ներքին ապահովութեան ուժերուն պատկանող ինքնաշարժ մը, ապա ուղղուեցան խորհրդարանի մուտքերէն մէկուն առջեւ կանգնեցուած պատնէշին մօտ, ուրկէ սկսան ապահովութեան ուժերը քարկոծել եւ պայթուցիկ նետել անոնց ուղղութեամբ: Անոնք նաեւ փշրեցին այդ վայրին շուրջ գտնուող խանութներուն ապակիները: Նաեւ` անոնք կրակ վառեցին երկաթեայ պատնէշին տակ եւ քանիցս փորձեցին անցնիլ զայն:

Բռնութիւնները ճնշող յատուկ ուժերը իրենց կարգին արցունքաբեր կազեր արձակեցին ցուցարարներուն ուղղութեամբ` զանոնք ցրուելու համար:

Պէյրութի քաղաքապետարանի փողոցին մէջ գտնուող երկաթեայ պատնէշը վերցնելէ ետք, այդ փողոցին մէջ բախումները հասան իրենց գագաթնակէտին: Ապահովութեան ուժերը այստեղ եւս առատօրէն օգտագործեցին արցունքաբեր կազ եւ ձայնային ռումբեր: Արցունքաբեր կազի առատ օգտագործման պատճառով բազմաթիւ ցուցարարներ ուշաթափ եղան:

Մինչ բռնութիւնները ճնշող յատուկ ուժերը յառաջացան, բռնութիւն հրահրող կարգ մը ցուցարարներ հրդեհներ յառաջացուցին «Նահար» օրաթերթի շէնքի մուտքին, ապա բախումները խորհրդարանի շրջակայքէն փոխադրուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին շուրջ:

Լիբանանեան Ազգային լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու զօրամասը արտակարգ միջոցառումներ որդեգրեց Նահատակաց հրապարակին շուրջ եւ փակեց կարգ մը ճամբաներ` կանխարգիլելու համար բռնարարքներու աճը: Լիբանանեան Կարմիր խաչը բախումներուն պատճառով վիրաւորուած ցուցարար մը հասցուց հիւանդանոց, իսկ 20 ուրիշ վիրաւորներ դարմանուեցան տեղւոյն վրայ:

Ցոյցը վերջ գտաւ երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին:

Նախորդը

Իտալիոյ Վարչապետը 8 Սեպտեմբերին Կ՛այցելէ Լիբանան

Յաջորդը

Շինքըր Այսօր Պիտի Այցելէ Լիբանան

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?