Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Նախաձեռնութիւններուն Նկատմամբ Դրական Վերաբերում Կը Ցուցաբերենք Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Կառավարութեան Կազմութիւնը Դիւրացնելու»

Սեպտեմբեր 4, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստին ընթացքին պլոքը գնահատեց Մուսթաֆա Ատիպը վարչապետ նշանակելու ջանքերը եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու:

Պլոքը մաղթեց, որ Ատիպ կազմէ արդիւնաբեր եւ աշխուժ կառավարութիւն մը, որ վերանորոգէ լիբանանցի ժողովուրդին յոյսը եւ լուծումներ ապահովէ իր դիմագրաւած հարցերուն:

Պլոքը զգուշացուց երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական դժուար կացութենէն ընդգծելով, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը ուշանայ, ապա այդ ուշացումը կրնայ յաւելեալ յուսախաբութիւն պատճառել քաղաքացիներուն:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները յանձնառու մնան «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ որդեգրուած միջոցառումներուն:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի առաջադրած նախաձեռնութեան նկատմամբ դրական վերաբերում կը ցուցաբերէ, պայմանով որ լիբանանցիներուն անկախութիւնը պահպանուի:

Պլոքը շնորհաւորեց լիբանանցիները «Բարձունքներու արշալոյս»-ը եւ «Ին ուտթոմ ուտնա» ճակատամարտներուն արձանագրած յաջողութեան ու լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթան ահաբեկիչներէն ազատագրելու առիթով:

Պլոքը ողջունեց լիբանանեան բանակին, Դիմադրութեան եւ լիբանանցիներուն նահատակները` ընդգծելով Իսրայէլի դէմ պայքարելու առումով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու փորձերը` հաստատելով, որ անիկա դասալքութիւն մըն է, որ Իսրայէլին համար շահաբեր պիտի ըլլայ, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն համար ամօթալի` ազգային եւ մարդկային առումով:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վատիկանի Ընդհանուր Քարտուղարը Ժամանեց Պէյրութ` Զօրակցելու Լիբանանցիներուն

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?