Պէյրութի Աղէտէն Աւելի Քան Ամիս Մը Ետք… Հրդեհ Նաւահանգիստին Մէջ` Աղէտի Կրկնութեան Մղձաւանջով Լեցուն
Երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին լիբանանցիները վերապրեցան 4 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:07-ին ապրած իրենց վախի պահերը եւ խառնակ ներաշխարհը: Տակաւին նաւահանգիստը հարուածած հսկայական պայթումին ցնցումին ազդեցութեան տակ գտնուող աղէտահար քաղաքացիները սարսափով հետեւեցան Պէյրութի նաւահանգիստի ազատ գօտիին մէջ բռնկած հսկայական հրդեհին: Նաւահանգիստի շրջակայքը, մայրաքաղաք Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ տիրեց խուճապահար մթնոլորտ, որ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Մինչեւ լրատուամիջոցներուն եւ պատասխանատուներուն կողմէ...



















