Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար` ընկերակցութեամբ հանրօգուտ շինութեանց պատասխանատու յանձնախումբին, երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ իրենք կը գիտակցին երկրին մէջ տիրող իրավիճակին, սակայն կան առաջնահերթութիւններ, եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ նորոգութիւնները անհրաժեշտ են:
Նաժժար ընդգծեց, որ իրենք ոչ մէկ մսխում արձանագրած են, որովհետեւ նորոգութեան իմաստով ցարդ ոչ մէկ պայմանագիր ստորագրած են` սպասելով պետական հաշուեքննիչ դիւանի որոշումին:
Ան հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ որոշում տուած է եւ այդ թղթածրարը ուղարկած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, որոնք որոշած են օդակայանի նաւթի կազմածները իսկոյն նորոգել` նկատի ունենալով, որ նուազուրդի սպասելու ժամանակ չկայ:
«Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ վտանգ չկայ, սակայն պէտք է նախազգուշական նորոգութիւններ կատարել», հաստատեց Նաժժար: