Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան գումարներուն շուրջ իրաւական հաշուեքննութեան առաջին փուլը արդէն իսկ սկսած է: Միւս կողմէ, Ուազնի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար եւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր քննարկեցին ելեկտրականութեան եւ ջուրի վերաբերող ծրագիրներ, որոնք արտաքին ֆինանսաւորում կը վայելեն:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ երկրագործութեան եւ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Մուրթատայի հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն պետութեան զօրակցութիւնը վայելող սննդեղէնի սակերը ակներեւ նուազում մը պիտի արձանագրեն: Իր կարգին, Մուրթատա յայտնեց, որ պետութեան զօրակցութիւնը վայելող ուտեստեղէնի տեսակներուն սակերը պիտի հակակշռուին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը Լիբանանի համար լաւ առիթ մըն է` հաստատելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է յանձնառու մնան իրենց տուած խոստումներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը Ամալ շարժումի շրջանակներէն հեռու պիտի չմնայ` աւելցնելով, որ անիկա նախարարութիւն մըն է, որ ուղղակիօրէն կապուած է ազգային հաւասարակշռութեան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ` աւելցնելով, որ իրենք կը պահանջեն, որ նոր կառավարութիւնը ըլլայ անկախ կառավարութիւն մը: Ան նշեց նաեւ, որ իրենք կը կասկածին, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ուժանիւթի նախարարութիւնը այլոց յանձնէ, որովհետեւ այդ նախարարութիւնը իրեն համար «կթան կով» մըն է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները կու գան Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ զայն պարտաւորեցնելու շրջագիծին մէջ, յատկապէս` ինչ կը վերաբերի Լիբանան-Իսրայէլ կատարուելիք սահմանագծումին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Տահըր Պայտարի միջազգային ճամբան կուպրապատելու ժամանակը մօտեցած է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը շարունակութիւնն է նախորդին, «իսկ լիբանանցիներուն տառապանքը կարծէք միշտ երկրին գոյացութեան սպառնացող վտանգներու դիմագրաւումն է», աւելցուց ան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաֆա Ատիպի անունը առաջադրած է վարչապետի պաշտօնին համար, որպէսզի նախարարութիւնները, ինչպէս` ելեւմուտքի նախարարութիւնը, երկրին քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ փոխանակուին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը քանի մը օրէն պիտի կազմուի, որովհետեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետապնդած բարեկարգումները ուղղակիօրէն առնչուած են Լիբանանի վրայ պարտադրուելիք պատժամիջոցներուն հետ, իսկ Լիբանանի ելեւմտական գաղտնիքները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու մօտ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան մակարդակով արձանագրուած քայլերը ամօթալի են` աւելցնելով, որ ոչ մէկ յոյս կարելի է ակնկալել, երբ երկիրին իշխող քաղաքական այս խաւը կը շարունակէ կառչած մնալ տիրող կացութեան:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման յայտնեց, որ նոր վարչապետի մը նշանակումը յոյսի նշոյլ մը կ՛ընծայէ` նոր պետութիւն մը կառուցելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. 150.000.000 Լ. Ո. Նուիրատուութեամբ Երջօ Սամուէլեան Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Հըզպալլա. «Պատժամիջոցներու Քաղաքականութիւնը Չի Կրնար Ծունկի Բերել Լիբանանցիները»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?