Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 20,442-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 553 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 543-ը` տեղացիներ, իսկ 10-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 212 պարագաներ մահացած են, իսկ 7024 ուրիշներ` ապաքինած: