Առողջապահական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ յառաջիկայ երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2020-ին խորհրդարանին մէջ հրաւիրած են նիստի մը, որուն պիտի մասնակցին դեղորայքի թղթածրարին հետ կապ ունեցող բոլոր կողմերը:
Արաժի դիտել տուաւ, որ Կեդրոնական դրամատունէն պիտի պահանջեն չկասեցնել դեղորայքի համար իր տրամադրած նպաստը:
Ան շեշտեց, որ դեղորայքի լիբանանեան արտադրութիւնը պէտք է քաջալերել, որովհետեւ կարելի չէ տարեկան մէկուկէս միլիառ տոլար վճարել` դեղորայք ներածելու նպատակով:
«Դեղորայք ապահովելու իմաստով ցուցաբերուած բոլոր օժանդակութիւններն ու զօրակցութիւնը պէտք է շարունակուի, այլապէս երկրին ընկերային անվտանգութիւնը կրնայ սպառնալիքի տակ գտնուիլ», ըսաւ Արաժի:
Միւս կողմէ, դեղորայք ներածողներու սենտիքայի նախագահ Քարիմ Ժպարա յայտնեց, որ ներածումի գործողութիւնը բաւական դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ դեղորայքի պահեստը երկու ամսուան համար բաւարար է միայն: