Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` հաստատելով, որ Պէյրութի վերակառուցման փուլին ընթացքին Իտալիա առաջնագիծին վրայ կը գտնուի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան շնորհակալ է եւ բարձր կը գնահատէ ութսունականներէն ի վեր Իտալիոյ տրամադրած օժանդակութիւնը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հինէն կու գան եւ ամրապնդուած են:
Ան յոյս յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները աւելի եւս կ՛ամրապնդուին յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին` մաղթելով միաժամանակ, որ Իտալիա միջազգային ընտանիքին հետ կարենայ օժանդակել` դիմագրաւելու համար Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ձգած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ զարգացնելու համար Լիբանանի տնտեսութիւնն ու վերացնելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետքերը:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան` ընդգծելով, որ Իտալիա դարձած է Լիբանանի հիմնական գործընկերներէն մէկը:
«Իտալիա «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանին 120 միլիոն եւրոյի գումար մը տրամադրած է, ինչպէս նաեւ «Էնի» իտալական ընկերութիւնը` «Թոթալ» եւ «Նովաթեք» ֆրանսական եւ ռուսական ընկերութիւններուն հետ գործակցաբար մասնակցած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերուն մէջ բնական կազի պեղման գործողութիւններուն:
Իր կարգին, Քոնթի ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն համար:
Քոնթի նշեց, որ նաւահանգիստի պայթումէն ետք Պէյրութի վերակառուցման աշխատանքի փուլին ընթացքին Իտալիա պիտի գտնուի առաջնագիծին վրայ:
Ան նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք Իտալիա նախաձեռնեց շտապ գործողութեան մը` «Մայրիներու շտապ» անուանումով:
Ան յայտնեց, որ Իտալիա Լիբանան ուղարկեց դաշտային զինուորական գերարդիական հիւանդանոց մը, ինչպէս նաեւ իտալական բանակի յատուկ ջոկատ մը, որ աւերակները հաւաքելու մասնագիտութիւն ունի եւ օժանդակած է նաւահանգիստին մէջ գործուած աւերները հաւաքելու աշխատանքին:
Քոնթի հաստատեց, որ Իտալիա կը յարգէ լիբանանցի ժողովուրդին գերիշխանութիւնը, բայց եւ այնպէս ան նեցուկ պիտի կանգնի լիբանանցիներուն, որպէսզի ամէնէն արագ միջոցին կարելի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:
Քոնթի ընդգծեց, որ Լիբանան իրաւունք ունի բարգաւաճելու, խաղաղ ապրելու եւ փայլուն ապագայ մը ունենալու: «Լիբանան կրնայ Իտալիոյ վստահիլ` միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը ստանալու առումով», յայտնեց ան:
Քոնթի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ իր կարգին ընդունեց Քոնթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Քոնթի Ատիպին յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ ան կը կարենայ նոր կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կազմել:
Իր կարգին, Ատիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Քոնթիի` Իտալիոյ կողմէ Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ կողմէ Լիբանանին զօրակցելու առիթով:
Միւս կողմէ, Քոնթի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր եւ զբօսաշրջութեան ու ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ:
Հանդիպումին ընթացքին Քոնթի յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք Իտալիա իսկոյն ճշդած է լիբանանցիներուն կարիքները եւ ընդառաջած անոնց օժանդակութեան` հաստատելով, որ Իտալիա միշտ պիտի զօրակցի Լիբանանին եւ պիտի մասնակցի Լիբանանի վերաշինութեան:
Իր կարգին, Տիապ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանին մշտական օժանդակութեան եւ զօրակցութեան համար:
Քոնթի այցելեց նաեւ Հատաթի մէջ զետեղուած իտալական դաշտային հիւանդանոցը եւ զայն ստուգելէ ետք յայտնեց, որ Լիբանան տարբեր մարզերու պարագային արտակարգ իրավիճակի մէջ կը գտնուի:
«Լիբանանցիները կը տառապին, իսկ երկիրը կարիքը ունի նոր եւ հզօր ուխտի մը», ըսաւ ան: