Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ատիպի Հետ Խորհրդակցեցաւ Կառավարութեան Կազմութեան Մասին

September 9, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպը:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Ատիպ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Ան նշեց, որ տակաւին կը գտնուի նախագահ Աունի հետ կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցութիւններու փուլին մէջ` յուսալով, որ այդ աշխատանքը հեզասահ կ՛ընթանայ:

Զօր. Տել Քոլ Կ՛այցելէ Պաապտա

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն յայտնեց, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու քայլը ո՛չ միայն Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ, այլ նաեւ` 2006-էն ի վեր հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին մէջ տիրող ապահովական կայունութեան պահպանումին:

Ան հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութեան յաջողութիւնը զանոնք օրինակելի դարձուցած են ՄԱԿ-ի մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Տել Քոլին` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կողմէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աւերները մաքրելու եւ փրկարար աշխատանքին մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ պայթումին պատճառով վնասուած ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամ 23 զինուորները շուտով ապաքինուին:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւին 15 հազարէն 13 հազար զինուորի նուազեցումը իր ժխտական ազդեցութիւնը չ՛ունենար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան վրայ:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ու լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը ըլլայ հեզասահ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ու բանակին միջեւ միացեալ հանդիպումները կրկնուին` ամրապնդելու համար միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի շահերն ու շրջանին կայունութիւնը:

Զօր. Տել Քոլ ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն համար:

Ան իր կարգին ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Լիբանանի եւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի անունով սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երկիրներուն, որոնք օժանդակեցին Լիբանանին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք:

Նշենք, որ նախագահ Աուն Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին խնդրած էր միջամտել եւ դիւրացնել «Ժապեր» անցքին վրայ գտնուող լիբանանեան փոխադրատարներուն երթեւեկը:

Նախագահ Աուն Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները` տարբեր մարզերու պարագային:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ապտալլա Բ. թագաւորին` Լիբանան առաքուած յորդանանեան մարդասիրական օժանդակութիւններուն, դեղորայքին եւ դաշտային հիւանդանոցին համար:

 

 

 

Նախորդը

Ամերիկան Պատժամիջոցներ Հաստատեց Ալի Հասան Խալիլի Եւ Եուսեֆ Ֆընիանոսի Դէմ

Յաջորդը

Իտալիոյ Վարչապետը Կը Խոստանայ, Որ Իր Երկիրը Պէյրութի Վերակառուցման Աշխատանքի Փուլին Ընթացքին Առաջնագիծին Վրայ Պիտի Ըլլայ

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.