Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ատիպի Եւ Լիբանանեան Քաղաքական  Ուժերու Պատասխանատուներու Հետ Կը Քննարկէ  Կառավարութեան Կազմութեան  Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Նախագահ Աուն Ատիպի Եւ Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերու Պատասխանատուներու Հետ Կը Քննարկէ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին  նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները` Ատիպի կատարած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ: Հանդիպումէն ետք Ատիպ յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունի այցելած է յաւելեալ խորհրդակցութեանց նպատակով: Պատասխանելով նոր կառավարութեան ծնունդին մասին հարցումի մը` Ատիպ ըսաւ. «Բարին Աստուծմէ»: Յետմիջօրէին նախագահ Աուն շարունակեց իր հանդիպումները լիբանանեան քաղաքական...

Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանեան Բանակին Մղած  Պայքարի Ուղիին Վրայ  Կը Նահատակուին Չորս Զինուորներ

Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանեան Բանակին Մղած Պայքարի Ուղիին Վրայ Կը Նահատակուին Չորս Զինուորներ

Քաֆթունի մէջ ահաբեկչական գործողութիւնը գործած բջիջի հետապնդման ծիրին մէջ, լիբանանեան բանակը շարունակեց իր աշխատանքներն ու հետապնդումները: Պըտտաուիի մէջ բանակը կատարեց ներխուժման գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ոստիկանութեան եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ Խալետ Թիլաուին ձեռնառումբ մը նետած էր եւ կրակ բացած բանակայիններուն վրայ` պատճառելով երեք նահատակ զինուորներ եւ վիրաւորելով չորրորդ մը, որ իր ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով նահատակուեցաւ: Թիլաուիի կողմէ...

Մեծ Լարուածութիւն` Լիբանանեան Ուժեր  Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւններու  Համախոհներուն Միջեւ

Մեծ Լարուածութիւն` Լիբանանեան Ուժեր Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւններու Համախոհներուն Միջեւ

Երէկ գիշեր Միրնա Շալուհի շրջանին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Ընդհանուր քարտուղարութեան կեդրոնատեղիին առջեւ մեծ լարուածութիւն ստեղծուեցաւ, երբ հոն հասաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան համախոհներու թափօր մը եւ սկսաւ կարգախօսներ արձակել: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ապահովական տարրեր օդը կրակեն, մինչ լիբանանեան բանակէն ջոկատներ շրջան հասան` կանխարգիլելու համար կացութեան վատթարացումը: Այս ծիրին մէջ զինուորական աղբիւրներ «Էլ. Պի. Սի....

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին  Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Բացուած հետաքննութեան ու պատասխանատուներու հարցաքննութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ իբրեւ վկայ հարցաքննեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը: Դատաւոր Սուուան այսօր պիտի հարցաքննէ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախկին նախարար...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 24.857-ի, Մահուան Պարագաներունը`  246-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 8765-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 24.857-ի, Մահուան Պարագաներունը` 246-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 8765-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 24.857-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 547 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 544-ը` տեղացիներ, իսկ 3-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 246 պարագաներ մահացած են, իսկ 8765 ուրիշներ` ապաքինած: Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»...

Վարչապետ Ատիպ Այսօր Նախագահ Աունին Կը Յանձնէ Կառավարութեան Նոր Կազմը

Վարչապետ Ատիպ Այսօր Նախագահ Աունին Կը Յանձնէ Կառավարութեան Նոր Կազմը

Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը կը հաղորդէ, որ նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ այսօր կառավարութեան նոր կազմի թղթածրարը պիտի ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, որ զայն պիտի ստորագրէ` սպասելով խորհրդարանի վստահութեան քուէին: «Նաշրա»-ի աղբիւրները կը նշեն, որ ընտրանքները տակաւին բաց են` տրուած ըլլալով, որ շիիական քաղաքական զոյգ ուժերը կը մերժեն  մաս կազմել որեւէ կառավարութեան, որ իրենց չի յանձներ ելեւմուտքի նախարարութիւնը: Նոյն...

Հանրապետութեան Նախագահին Դէմ Բողոքի Եւ Զօրակցական Զոյգ Ցոյցեր

Հանրապետութեան Նախագահին Դէմ Բողոքի Եւ Զօրակցական Զոյգ Ցոյցեր

Շաբաթ, 12 սեպտեմբերին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համակիրները համախմբուեցան նախագահական պալատ տանող մայր ճամբուն վրայ` «Հանրապետութեան արժանապատուութիւնը» կարգախօսին ներքեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին զօրակցութիւնը յայտնելու համար: Նոյն պահուն ժողովրդային շարժումի խմբաւորումները հաւաքուեցան Պէյրութի Արդարադատութեան պալատին առջեւ եւ սկսան ուղղուիլ դէպի նախագահական պալատ: Երբ ժողովրդային շարժումի մասնակիցները հասան նախագահի զօրակցական ցոյցի մասնակիցներուն մօտ, բանակը արդէն իսկ մարդկային պատնէշ կազմած էր`...

Պըրրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Վարչապետ Ատիպին Յայտնեցինք, Որ Մենք Չենք Փափաքիր Կառավարութեան Մաս Կազմել»

Պըրրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Վարչապետ Ատիպին Յայտնեցինք, Որ Մենք Չենք Փափաքիր Կառավարութեան Մաս Կազմել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հարցը ֆրասացիներուն հետ չէ, այլ` ներքին է: Կառավարութեան տրուեցաւ մէկ վերնագիր` մասնագիտութիւն, կուսակցական հաւատարմութեան բացակայութեան եւ խորհրդարանական պատկանելիութեան բացակայութեան փոխարէն, դրուեցան վեթօներ նախարարութիւններու դէմ, դուրսէն կատարուեցան միջամտութիւններ, եւ խորհրդակցութիւնները տեղի չունեցան: «Հետեւաբար մենք նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպին յայտնեցինք, որ չենք փափաքիր կառավարութեան մաս կազմել այս հիմքերուն վրայ, բայց յայտնեցինք մեր...

Պասիլ. «Մենք Փափաք Չունինք Կառավարութեան Մաս Կազմելու, Բայց Պիտի Դիւրացնենք Անոր Կազմութիւնը Եւ Պիտի Համագործակցինք»

Պասիլ. «Մենք Փափաք Չունինք Կառավարութեան Մաս Կազմելու, Բայց Պիտի Դիւրացնենք Անոր Կազմութիւնը Եւ Պիտի Համագործակցինք»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ այն ծրագիրներուն մասին, որոնք չիրականացան, եւ անոնց չիրականացումը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ժողովուրդին կեանքին վրայ, ինչպէս` Պըսրիի ամբարտակի ծրագիրը: Ան աւելցուց, որ հերոսը ոչ թէ ճամբաները փակողն է, ոչ թէ պետութիւնը քանդողն է, այլ` կառուցողը, յայտնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը վճարէ ամբողջ ժողովուրդին գինը:...

Պշարա Ռայի Պատրիարքը ՄԱԿ-էն Պահանջեց Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Նկատմամբ Հետաքննութիւն Պարտադրել

Պշարա Ռայի Պատրիարքը ՄԱԿ-էն Պահանջեց Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Նկատմամբ Հետաքննութիւն Պարտադրել

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգեհանգստեան արարողութեան, որմէ ետք տուած քարոզին ընթացքին ՄԱԿ-էն պահանջեց միջազգային հետաքննութիւն պարտադրել լիբանանեան իշխանութիւններուն նկատմամբ: Խօսքը ուղղելով զոհերու ընտանիքներուն` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս էջը պիտի չփակուի, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի: Ան ընդգծեց, որ տեղական հետաքննութեան խառնաշփոթութիւնը, իրար հակասող տեղեկութիւնները, կառավարութեան հրաժարականը, աճող կասկածները, նաւահանգիստին մէջ քանի...

Ֆրանսայի Դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ Կ՛աւարտէ Լիբանանի Մէջ Իր Դիւանագիտական Առաքելութիւնը

Ֆրանսայի Դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ Կ՛աւարտէ Լիբանանի Մէջ Իր Դիւանագիտական Առաքելութիւնը

Լիբանանեան-ֆրանսական խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու պահպանման նպատակով կատարած բոլոր ջանքերուն համար: Ապի Ռամիա դրուատեց դեսպան Ֆուշիէի առարկայական եւ անկեղծ իրատեսական մօտեցումը բոլորին նկատմամբ: Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ֆրանսա երրորդ ընտրանք մը տուաւ Լիբանանին, ինչ որ...

Ուահապ. «Դաւադիր Է Կամ Միամիտ Այն Անձը, Որ Կառավարութիւն Մը Կը Պատկերացնէ Առանց Շիիական Քաղաքական Զոյգ Ուժերուն»

Ուահապ. «Դաւադիր Է Կամ Միամիտ Այն Անձը, Որ Կառավարութիւն Մը Կը Պատկերացնէ Առանց Շիիական Քաղաքական Զոյգ Ուժերուն»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ ինք առաջին անձն էր, որ կոչ ուղղեց ելեւմուտքի նախարարութիւնը չյանձնելու որեւէ կուսակցութեան: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօ՞ք որոշ սիրողական քաղաքական գործիչներ կը պատկերացնեն, որ Լիբանանի մէջ կարելի է կառավարութիւն կազմել առանց շիիական քաղաքական զոյգ ուժերուն: «Ան, որ այդպէս կը պատկերացնէ, ուրեմն կա՛մ դաւադիր է,...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 20,442-ի, Մահուան Պարագաներունը`  212-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 7024-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 24.310-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 24.310-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 641 նոր պարագաներ, որոնցմէ 627-ը` տեղացիներ, իսկ 14-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Մահացած են 2 վարակուածներ` մահացողներուն ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 241-ի: ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու 90 անդամներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Վարակուածներ կան նաեւ Ռումիէի բանտարկեալներուն եւ բանտին հսկող Ներքին ապահովութեան ուժերու շարքերուն մէջ:

Նախագահ Աուն Զեկուցումներ Լսեց Նաւահանգիստի Կացութեան Մասին

Նախագահ Աուն Զեկուցումներ Լսեց Նաւահանգիստի Կացութեան Մասին

  Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը` ընկերակցութեամբ շարք մը սպաներու: Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն եւ սպաները զեկուցեցին Պէյրութի նաւահանգիստին եւ անոր կից շրջաններուն մէջ տիրող կացութեան ու արձանագրուած վնասներուն մասին: Նախագահ Աունի զեկուցումներ ներկայացուեցան նաեւ օժանդակութիւններու տնօրինման, բարեսիրական միութիւններուն տարած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գործունէութիւնը արգելակող դժուարութիւններուն մասին: Ան...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Հրդեհ.  Ատիպ Եւ Հարիրի Կ՛ողջունեն Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Եւ Հրշէջներուն Ջանքերը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Հրդեհ. Ատիպ Եւ Հարիրի Կ՛ողջունեն Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Եւ Հրշէջներուն Ջանքերը

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու յատուկ գործողութիւններու տնօրէն Ժորժ Պու Մուսա երէկ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բռնկած հրդեհը ամբողջութեամբ հակակշիռի տակ առնուած է: Ան տեղեկացուց, որ լիբանանեան բանակի 4 ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ 22 հրշէջ ինքնաշարժներ օժանդակած են հրդեհը յանգեցնելու աշխատանքներուն: Նորանշանակ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ` անդրադառնալով նաւահանգիստի հրդեհին, յայտնեց, որ հաշուետուութիւնը հիմնական պայման է նման ցաւալի դէպքերու կրկնութիւնը արգիլելու: Ատիպ ողջունեց հրշէջներուն,...

Տնտեսութեան Եւ Երկրագործութեան Նախարարութիւնները Միասնաբար Ճշդեցին Սննդեղէնի Եւ Ապրանքատեսակներու Բարձրագոյն Սակը

Տնտեսութեան Եւ Երկրագործութեան Նախարարութիւնները Միասնաբար Ճշդեցին Սննդեղէնի Եւ Ապրանքատեսակներու Բարձրագոյն Սակը

Տնտեսութեան եւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Ռաուլ Նաամէ եւ Ապպաս Մուրթատա երէկ միասնաբար ճշդեցին սննդեղէնի եւ տարբեր ապրանքատեսակներու բարձրագոյն սակը: Անոնք շեշտեցին, որ այս որոշումով իրենք յանձնառու կը մնան քաղաքացիներուն շահերուն, անոնց գնելու կարողականութեան, սակերու կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ յայտարարուած սակերու զօրակցութեան: Միացեալ որոշումին համաձայն, սննդեղէնի եւ կարգ մը ապրանքատեսակներու բարձրագոյն սակերն են. ՀԱՒԵՂԷՆ - 1 քկ հաւ...

Ասմար. «Պէտք Է Սկսիլ Արշաւի Մը` Պետութեան Կողմէ Տրամադրուած Ամէն Տեսակի Զօրակցութիւն Պահելու Նպատակով»

Ասմար. «Պէտք Է Սկսիլ Արշաւի Մը` Պետութեան Կողմէ Տրամադրուած Ամէն Տեսակի Զօրակցութիւն Պահելու Նպատակով»

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ շուկային մէջ հսկողութիւնը պէտք է խստացնել: Ան ըսաւ, որ պէտք է սկսիլ արշաւի մը` պետութեան կողմէ տրամադրուած ամէն տեսակի զօրակցութիւն պահելու նպատակով, այլապէս երկրին մէջ իսկական փորձանք պիտի ստեղծուի: Ան կոչ ուղղեց յաւելեալ խստութիւն եւ հսկողութիւն բանեցնելու` ելեկտրածին շարժակներու սակերուն առումով: Ասմար նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ...

Թինընթի. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը «Քորոնա» Ժահրի  Կանխարգիլման Միջոցառումներ Որդեգրեցին»

Թինընթի. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Հետաքննութիւն Բացին Իսրայէլեան Անօդաչու Սարքին Վար Առնուելու Գործողութեան Շուրջ»

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երէկ հետաքննութիւն բացին Այթա Շաապի մէջ լիբանանեան բանակին կողմէ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքին վար առնուելուն շուրջ: Ան նշեց, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտումը լարուածութիւն կը յառաջացնեն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 20,442-ի, Մահուան Պարագաներունը`  212-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 7024-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 22,983-ի, Մահուան Պարագաներունը` 229-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 7606-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 22,983-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 546 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 540-ը տեղացիներ, իսկ 6-ը Լիբանան ժամանած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 229 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 7606 ուրիշներ` ապաքինած: Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ այցելեց Հատաթի մէջ զետեղուած իտալական դաշտային հիւանդանոցը` ընկերակցութեամբ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց` կազմելու շտապի կառավարութիւն մը, որ յոյս կ՛առթէ` իրեն հանդէպ վերահաստատելու համար լիբանանցիներուն վստահութիւնը: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, յատկապէս Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը: Քիւպիչ ընդգծեց անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու եւ...

Page 464 of 988 1 … 463 464 465 … 988

Արխիւներ